«Ղարաբաղեանցհիմնահարցի լուծման գլխաւոր խոչընդոտը Թուրքիան է». ՌակըպԶարաքօլու

Ռակըպ ԶարաքօլուԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 22 Յունուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Թրքական տեսակէտը Ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ» քննարկման ընթացքին Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան-գործիչ, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու յայտնած է, որ Թուրքիան, բարձրացնելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցը, միեւնոյն ատեն կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը փորձէ 1915 թուականը ջնջել պատմութենէն: Անոր համաձայն` հայ-թրքական յարաբերութիւնները կը վերածուին տարածաշրջանային հարցի, իսկ Թուրքիան կը հանդիսանայ Ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման գլխաւոր խոչընդոտը: Զարաքօլուի կարծիքով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումը կարելի կ՛ըլլայ, եթէ Թուրքիա այլ քաղաքականութիւն վարէ։ Այս քաղաքականութիւնը շատ վտանգաւոր է նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար, քանի որ յստակ չէ, թէ նման գաղափարախօսութիւնն ու արկածախնդրութիւնը ո՛ւր կրնան տանիլ:

«Գաղափարախօսական առումով ես ասիկա կը գնահատեմ իբրեւ գրաւող քաղաքականութիւն: Ես միշտ կ՛ըսեմ՝ արդեօք Թուրքիան համոզուած չէ՞, որ գրաւած է Պոլիսը, ան կրկին ու կրկին կը փորձէ գրաւել զայն: Ասիկա թերգնահատման նշան է»,- յայտնած է ան՝ նկատել տալով, որ ազգայնականութեան անբաժան մասնիկն է նաեւ կրօնը: Զարաքօլուն նշած է, որ Թուրքիոյ արարքները երբեմն թելադրուած կ՛ըլլան Ատրպէյճանի կողմէ՝ չբացառելով նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ գոյութին ունենան թուրք զինուորներ, որոնց նիւթական յատկացումները կը կատարէ Ատրպէյճան:

Լրագրող, վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեանի համաձայն` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին ատրպէյճանցի հասարակ քաղաքացիներուն, նոյնիսկ լրագրողներուն պատկերացումները շատ մակերեսային են: Ան նշած է, որ նախորդ տարի Թուրքիա հայկական հարցերու առնչութեամբ երկու անգամ հանդէս եկած է արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով յայտարարութեամբ. մէկը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն առիթով, իսկ միւսը՝ Ստեփանակերտի օդակայանի բացման ծիրին մէջ: Յակոբեան համոզուած է, որ Թուրքիոյ վտանգը այնքան մեծ չէ, որքան Ատրպէյճանի: Անոր համաձայն` կարեւոր նշանակութիւն ունի ռուս սահմանապահներուն ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: «Թուրքիայի համար այս սահմանը նաեւ հոգեբանական է, եւ նրանք այն չեն անցնի»,- նշած է Յակոբեան:

Քննարկման մասնակիցները միաձայնութեամբ ընդունած են, որ իրենց բողոքի ձայնը հայ ժողովուրդին բողոքին միացնող թուրք մտաւորականութեան գերակշիռ մասը անկեղծ է: Ասոր ապացոյցը անոնց յօդուածներն ու ունեցած ելոյթներն են:

http://asbarez.com/arm/151881/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ