Մտորումներ. Թուրք պետական ցեղապաշտութեան զոհ Հրանդ Տինքի յիշատակին (19 յունուար, 2007)

ՄտորումներՈրպէսզի, այսպէս ասած, թուրք լայնախոհ հասարակութեան երբեմնի ցասումի, ընդվզումի ու պոռթկումի ալիքներուն ու պարունակին նկատմամբ լայնասրտութիւն ցուցաբերենք ու հաւատալ ուզենք, որ Հրանդ Տինքի յետ սպանութեան օրերու ու յաջորդող տարիներու Թուրքիան այդ չէ, ինչ որ էր, ապա հարկ է լոյսին բերել նաեւ անսեթեւեթ իրողութիւն մը, որ թուրքն ու թրքութիւնը բացառաբար կ՛ապրին յագուրդ տալով իրենց այլատեաց, այլամերժ, մոլեռանդ ու ցեղային խտրականութեան բնազդներուն:

Նման հաստատումի մը վկայակոչումը կը հանդիսանայ նոյնինքն Հրանդի Տինքի անարգ ոճիրի դատական գործընթացի խայտառակ ու լիրբ շարունակութիւնը, թուրք պետական մակարդակի ապաբարոյ ու լկտի վերաբերումը, բայց մանաւանդ` ժողովրդավարի ու յառաջադէմի  հանդերձանքին ներքեւ թաքնուած` թրքական ուրուային կառոյցներու անարգել գոյութիւնը:

Փաստօրէն, պոլսահայ իրականութեան մէջ իր եզակի դերն ու առաքելութիւնը ունեցող «Ակօս»-ի խմբագիրին նենգ ու վայրագաբար սպանութիւնը, եթէ երբեք մէկ կողմէ հայատեացութեան դրսեւորում էր, ապա միւս կողմէ` անիկա ցուցանիշ էր թուրք պետական մակարդակի ցեղապաշտ վարքագիծին տակաւ շարունակութեան:

Այլ խօսքով, Օկիւն Սամասթ կոչուած ազգայնամոլի մը ձեռամբ կատարուած զազիր ոճիրին ետին կանգնողները (իմա` ուրուայինները), մնացին անպարտ ու ցարդ կը մնան իբրեւ այդպիսին, քողարկուած իրենց ինքնութեամբ, բացայայտ` իրենց քստմնելի ոճիրներու  եւ ահաբեկումներու յաջորդականութեամբ (յիշել` պոլսահայ ծերունիներու դէմ կատարուած նորովի բարբարոսութիւնները):

Անցնինք:

Ըստ երեւոյթին, նման հարցերով մտահոգ Եւրոպական խորհուրդն ու համայն մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ հայն ու թուրք ազատախոհ հասարակութիւնը դեռ երկա˜ր պիտի սպասեն, տեսնելու թուրք պետական համակարգի իրաւացի կողմնորոշումն ու արդարադատական գործընթացներու ամրագրումը:

Այս առումով, երբ բազմահազար թուրքեր գոռացին ու տէր ուզեցին կանգնիլ Հրանդ Տինքի դատաիրաւական թղթածրարին, այլապէս պահանջելով պետականութեան ստապատիր ու բեմականացուած մօտեցումներու սրբագրումը, անդին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին աւելի եւս իր գոյութիւնը զգալի կը դարձնէր թուրք ազգայնամոլութիւնը:

Այսպէս, վերջին տարիներուն անպակաս մնացին հալածանքի, կազմակերպուած ոճիրի, ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ գրգռութիւններն ու սպառնալիքները, պարզապէս վայելելով թուրք պետական համակարգի լռելեայն մեղսակցութիւնն ու շատ անգամ ուղղակի աջակցութիւնը:

Աւելի՛ն. ժամանակ էր պէտք, որ բացայայտուէր թրքավարի մէկ այլ զազրութիւն, երբ Հրանդ տինքեան դատական գործընթացի աղաւաղումի եւ ապակողմնորոշումի կը դիմէր նոյնինքն թուրք պետական աւագանին,  հակառակ բազմաթիւ առիթներով հնչեցուած խոստումներուն եւ սին խօսքերուն:

Փաստօրէն, Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններու իսկ վկայութեամբ, երբ դատական հոլովոյթին մէջ ի յայտ կու գային նորովի փաստարկներ, ապացոյցներ ու բացթողումներ, ակնյայտ կը դառնար խուսանաւումներու եւ թատերական մօտեցումներու առկայութիւնը` չքմեղանքի պէս-պէս բացատրութիւններու տարափին ներքեւ:

Այնուամենայնիւ, թրքական մամուլի թէ հասարակական կեանքին համար յետ դատավարական գործընթացին ու անոր խեղկատակ բնոյթին մասին յստակ ու մեկին կը դառնար ճշմարտութիւն մը, որ Հրանդ Տինքի ոճիրին ետին կը կանգնէին թուրքական պետութեան խորքային տարրեր, որոնց հերքումն անգամ ծիծաղելի էր այլեւս, որովհետեւ նման ոճրամիտ ու գազանաբարոյ արարքներու յաճախակի կրկնութիւնները ատիկա կ՛ապացուցէին, իսկ դատավարութեան ամբողջ տեւողութեան արդէն զգալի կը դառնար թուրք քաղաքական թէ ապահովական տարրերու մեղսակցութիւնը:

Արդարեւ, նման լուրջ եւ վտանգաւոր կացութեան դէմ յանդիման եթէ մէկ կողմէ յոյսեր կը սնուցանուին ժամանակակից Թուրքիոյ տակաւ դէպի ժողովրդավար ու իրաւական կարգերու հաստատումին գծով, ապա պէտք է ընդունիլ նաեւ նման մօտեցումներ փայփայող մարդոց, անհատներու թէ պետութիւններու քաղաքական սնանկութիւնն ու մարդկային տխեղծ կազմաւորումը` զանց առնելով անոնց տնտեսական խօլ մրցակցութեան անդոհանքն ու անմարդկային հասկացողութիւնները:

Այնուամենայնիւ, պոլսահայութիւնն ու ամբողջ ազգը ցմրուր ըմպեց Հրանդ Տինքի ոճիրին պատճառած ցաւն ու դառնութիւնը, բողոքեց ու իր ընդվզումը արտայայտեց, սակայն, իրողապէս ոչինչ փոխուեցաւ այն  հաստատ համոզումէն ու իրողութենէն, թէ հայութեան դէմ նիւթուած ամէն սադրանք ու ոճիր հարկ է դիմակայել արժանահաւատօրէն ու միահամուռ կեցուածքով:

Այսինքն, ամբողջ հայութիւնը իր պետական կառոյցներով եւ քաղաքական ու տնտեսական կարելիութիւններով հարկ էր, որ առանց վերապահութեան ու քիչ մը ձերբազատ ըլլալով ծայրայեղ ողջախոհ ըլլալու մտմտուքներէ, իր արդար ու պահանջատէրի ձայնն ու կեցուածքը արտայայտէր շրջանային ու միջազգային մակարդակի քաղաքական, տնտեսական ու հասարակական ամպիոններու վրայ, կրկին ու կրկին անգամ յիշեցնելու թրքական ցեղապաշտութիւնն ու այլամերժութիւնը:

Աւելի՛ն. եթէ երբեք ազգը կ՛ուզէ իր արժանապատուութեան տէր կանգնիլ ու ամէն քայլափոխի տիրութիւն ընել իւրաքանչիւր հայու, ուր ալ գտնուի ան ու ինչ միջավայրի ալ պատկանի, ապա, ազգային քաղաքական ու գաղափարախօսական մեր հասկացողութիւնը մեզի պարտադրել կու տայ համարձակօրէն ու արիաբար դիմագրաւել բոլորին ոտնձգութիւններն ու թշնամական արարքները:

Այլ խօսքով, մենք կարողութիւնը ունեցա՞նք գէթ բարոյական հասկացողութեամբ ճնշում բանեցնելու այսպէս ասած Եւրոպական արժէքներու տէր երկիրներուն վրայ` աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու Հրանդ Տինքի դատական գործընթացին ու առհասարակ պահանջելու անոր արդարութիւնը:

Կամ մեր կարգին պարտադրեցի՞նք թուրք ազատասէր հասարակութեան, որ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց բարձր պատուանդանի վրայ Հրանդի Տինքի կիսանդրին կանգնեցուի` իբրեւ յուշարար թուրք ոճրամիտ կենցաղին:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ ամէն տարի յիշատակի ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, ուր  հազարաւոր մարդոց ու ցուցարարներու զայրոյթը ինքզինք լսելի կը դարձնէ, այնուամենայնիւ, զգացական ու մարդկային խիղճէ թելադրուած վիճակներ կը մնան  անոնք` ի յիշատակ Հրանդ Տինքի ու անոր մտածումներուն:

Այսօր, կայ այն տխուր երեւոյթը, որ Հրանդ Տինքի դատական գործընթացին այսպէս ասած իր լրումին հասնելով, հակառակ կարգ մը պետական շղարշային մօտեցումներու` իբր թէ վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի դատավճիռներն ու ամբողջ գործընթացը, անշուշտ որ ներքին պայքարներէ ու հաշուարկներէ թելադրուած, հայ ազնուարիւն խմբագիրին ու մտաւորական գործիչին յիշատակը յարգելու ենք ազգովին եւ ամէն պատեհ առիթի բարձրաձայնելու ենք մեր պահանջատէրի իրաւունքն ու ընդվզումը:

Արդ, որպէսզի ցարդ շարունակուող հայասպան արարքներու խորքը բացայայտուի, Հրանդ Տինքի դատաիրաւական գործընթացին ծալքերը լոյսին պէտք է բերուին` պահպանելու համար առաջին հերթին Պոլսոյ հայութեան անդորրութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Ինքնագոհ, կրաւորական ու եսակեդրոն մօտեցումներու եւ վարքագիծերու առկայութեան, մարդկային վսեմ առաքինութիւններն անգամ անբովանդակ կը դառնան, որովհետեւ մեր պարագային` թշնամին թուրք զազրութիւնն է, ցեղապաշտութեամբ սնած ու հայաջինջ իր ծրագիրներով որոճացող:

http://www.aztagdaily.com/archives/103232

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ