Երեւան.- Ցեղասպանութեան յուշարձան Հրանդին հետ գլուխ գլխի

Հրանդին Հետ Գլուխ ԳլխիԻնչպէս որ մարդիկ լեզուէն, ինքնութենէն պոկելը մարդկութեան հանդէպ գործուած մեծ յանցանք կը համարուի, նոյնքան մեծ յանցանք մըն է զիրենք արմատներէն, հողերէ նարմատախիլ ընելը: Եթէ անոնց  մեղադրանք մըն ալ փակցուի, յանցանքին անբաժան մէկ մասնի կը կ՛ըլլայ:

Երեւանի մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին այցելութիւն պէտք է տա՞մ, թէ՞ չտամ: Չեմ արտայայտուիր, սակայն այս հարցով զբաղած է գլուխս:

2008, սեպտեմբեր:

Առաջին անգամ Հայաստան պիտի երթայի: Անցեալէն եկող` «Ամա՛ն զգուշ, մի՛ երթար այդ տեղերը», զգուշացման ժամկէտը ըստ իս լեցուած էր:

Ընտանիքս եւ դիւանագէտ ընկերներս կ՛ըսէին, թէ  1970 եւ 1980-ական տարիները անցեալին կը պատկանին: Երեւան, Պէյրութ, Դամասկոս, Լոս Անճելըս երթալը ինծի համար վտանգաւոր ըլլալը կը կրկնէին: «Մոլեռանդ հայեր Ճեմալ փաշային թոռան գէշութիւն կրնան ընել», կը խորհէին:

1981-ին «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին տպագրութեան ընդհանուր խմբագիրը եղած ատենս Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Շիւքրի Պալճըն զիս զգուշացուցած էր` ըսելով. «Երկրէն դուրս, մասնաւորաբար Փարիզի նման քաղաք  եթէ ուզես երթալ, մեզ տեղեակ պահէ, հայերը քեզի համար սպառնալիք են»:

Սիրելի  հօրաքոյրս` Քամրան Ճեմալ, երբեմն Պէյրութ քրիստոնեայ արաբ բարեկամներուն մօտ կ՛երթար արձակուրդի: Բայց գաղտնի կը պահէր իր Ճեմալ մականունը:

Գալով ինծի… Պէյրութ, Դամասկոս, Փարիզ, Լոս Անճելըս գացած էի, այժմ կարգը Հայաստանինն էր: Սակայն իմ պարագաս տարբեր էր.-

Ցեղասպանութեան յուշարձան երթա՞լ, թէ՞ չերթալ:

Հրանդ Տինքին ցաւը յուշարձանին ծաղիկ զետեղելուն մէջ կը կայանար:

Սամսոն Էօզարարատը, որուն առաջին անգամ    2005-ի գարնան ծանօթացած էի Հայկական հարցի վերաբերեալ Սալզպուրկի սեմինարին ընթացքին, կազմակերպած էր շրջապտոյտը: Մէկ գիշեր առաջ Պոլսէն փնտռեցի զայն: Առաւօտ շատ կանուխ,  ոչ ոք տեղեակ պահելով, յուշարձանին ծաղիկ զետեղել ուզեցի, լուսանկարիչի մը հոն գտնուիլը ուզեցի:

Այդ օրը բնաւ պիտի չմոռնամ:

Երեւան, 5 սեպտեմբեր 2008:

Յուզուած էի: Նոյնիսկ բաւական դժուարութիւն զգացած ըլլալս  կրնամ ըսել, որովհետեւ ներաշխարհիս մէջ ծուարած մէկ թապուն պիտի այրէի:

Լուսածագին Հանրապետութեան հրապարակի «Մարիոթ» պանդոկէն ճամբայ ելանք: Ես, Սամսոն Էօզարարատ, Ֆրանսայի Նիս քաղաքը ապրող եւ Սամսոնին նման Երեւանի մեր շրջագայութիւնը կազմակերպող պոլսեցի հայ մը` Գրիգոր Աժտէրհանեան եւ լուսանկարիչ մը: Սամսոն երեք ճերմակ մեխակներն ալ չէր մոռցած…

«Անցալին ապրուած մեծ աղէտին  պատասխանատուներու նման  պիտի շարժի՞նք,
թէ՞ այդ սխալներէն դաս առնելով`  այս անգամ շնորհքով, մարդավայել ձեւով մը
նոր էջեր պիտի գրենք»:

Կը վերյիշեմ, Հրանդ Տինք անգամ մը ըսած էր.  «Եկէք` նախ մէկզմէկու ցաւերուն հանդէպ  յարգանք ցոյց տանք»:

Թերեւս սիրելի Հրանդին այդ խօսքերն էին, ապրած ցաւերը, այսքան տարիներ յետոյ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով զիս Հայաստան բերող եւ Երեւանի առաւօտեան այս պահուն, արեւածագին, Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ինծի յարգանքի փոթորիկը ապրեցնող…

Արարատը մշուշներու մէջէն մերթ կը յայտնուի,  մերթ կը կորսուի:  Սրտաճմլիկ տեսարան:

Ձիւնագագաթը որքա՜ն սլաձիգ է, որքա՜ն շնորհալի: Կարծես` ձեռքդ երկնցնես պիտի հասնիս, որքա՜ն մօտիկ…

Ես Հրանդին հետ գլուխ գլխի, անոր ցաւերը կը  մտաբերեմ յուշարձանին առջեւ:

Ցաւերուն յարգանք կը մատուցեմ…

Ուրիշներուն ցաւերը հասկնալ…

Եւ ցաւերուն բաժնեկից ըլլալ կը մտածեմ…

Առաւօտեան զարմանալի լռութեան մէջ Հրանդին հետ գլուխ գլխի եմ:

Եւ նաեւ Ռաքելին շիւանը ականջներուս մէջ է…

Հայ ազգին եւ իր ապրած ողբերգական ցաւերը Հրանդը գէշ կերպով հասունցուցած էին: Ան խղճի լեզուով խօսիլն ու գրելը թերեւս ալ այդ ցաւերուն պատճառով սորվեցաւ:

Ամէն անձ  ուրիշէն  բան մը կը սորվի: Ես ալ Հրանդէն սորվեցայ` թէ՛ ապրած ատեն, թէ՛ անոր մահէն…

Պատմութենէն չխուսափիլը սորվեցայ: Առաւօտեան մաս մաքուր լռութեան ընդմէջէն անգամ մը եւս պատմութիւնը ուրանալուն հասկացողութիւնը, բայց նոյն ատեն ալ պատմութեան` ցաւերուն անխուսափելի վիճակին հասնելու վտանգին մասին խորհեցայ, Հրանդին հետ միասին…

Եւ շատ հեռուներէն մօրեղբօրս ձայնը`

«Արմատները չե՛ն կորսուիր, տղա՜ս»:

Մօրեղբայրս  չերքեզ, կապարտէյ էր:  Բայց  չերքեզութեան մասին չէր խօսեր, չէր կրնար թաքցնել արմատներուն մասին խօսելու իր  դժկամութիւնը:

Մեր «պետական վախ»-ն էր այս:

Երբեմն, երբ զինք նեղը կը ձգէի, «մի խառնշտկեր ասոնք», կ՛ըսէր: Մահուան սեմին «Հասա՛ն, տղաս, արմատները չեն կորսուիր բայց…», ըսած էր ականջիս… Մարդոց արմատները, արմատ նկատուած հողերը շատ կարեւոր են:  Մարդիկ իրենց լեզուէն, ինքնութենէն պոկելը, ինչպէս որ մարդկութեան հանդէպ գործուած  մեծ յանցանք մըն է, այնպէս ալ զիրենք արմատներէն, հողերէն արմատախիլ ընելը նոյնքան մեծ յանցանք մըն է: Հապա եթէ անոնց  մեղադրանք մըն ալ փակցուի, յանցանքին անբաժան մէկ մասնիկը կ՛ըլլայ:

Հայերը մեծ վիշտը ապրեցան: 1915 եւ 1916-ին Անատոլուէն արմատախլուած ատեն եւս ապրեցան ցաւերը: Եւ Անատոլուի կարօտը անվախճան մնաց իրենց մէջ:

Թուրքերն ալ ապրեցան ցաւը: Պալքաններէն, Կովկասէն արմատախլուելով` ապրեցան ցաւերը:

Քիւրտերը եւս ապրեցան ցաւը: Լեզու, ինքնութիւն արգիլուելէն, իրենց հողերէն աքսորուելէն ետք ապրեցան ցաւը:

Չեմ աշխատիր ցաւերը չափել: Սխալ կ՛ըլլայ: Ցաւերը չեն բաղդատուիր:

Հրանդին ձայնը ականջիս մէջ է.

«Եկէք` նախ մէկզմէկու ցաւերուն հանդէպ յարգանք ցոյց տանք»:

Հրանդ լռութեամբ կը հասկցնէ իր ցաւերը.

«Նախահայրերուս գլուխներուն եկածը չեմ գիտեր: Այդ  մասին ձեզմէ ոմանք «ջարդ»,  ոմանք «ցեղասպանութիւն», ոմանք «գաղթ», ոմանք «ողբերգութիւն» կ՛անուանեն: Մեր հայրերն ալ «սպանդ» կ՛ըսէին: Պետութիւն մը երբ իր հայրենակիցները,  իր պաշտպանեալները, չոլուխ-չոճուխ, տարիքոտ կին չըսած, արմատ կոչուած շրջապատէն քակելով անծանօթ, անվերջ ճամբաներ կը քշէ, եւ ասոնց իբրեւ հետեւանք երբ  ժողովուրդ մը իր մեծամասնութեամբ կ՛ոչնչացուի,  այսօր բոլորիս համար այս եղելութեան եթէ անուն մը պիտի փնտռենք  զայն կոչելու, իբրեւ մարդ արարած, ամբողջութիւն, ի՞նչ նկարագրութիւն կրնանք տալ: «Ասոր ցեղասպանութի՞ւն ըսենք, արտագա՞ղթ ըսենք» ըսելով աճպարարութիւն եթէ պիտի ընենք, երկուքն ալ եթէ նոյն չափով պիտի  չդատապարտենք, ցեղասպանութեան փոխարէն`  գաղթ եւ գաղթի փոխարէն` ցեղասպանութիւն բացատրութեամբ, ուրեմն մենք իբրեւ մարդ արարած` մեր պատիւին ո՞ր մասը ազատած պիտի ըլլանք»:

Ցաւերը անպայման կարգ մը փակագիծերու մէջ առնելը, անպայման դասակարգելը (քաթեկորիզէ) պայմա՞ն է:

Անշուշտ անկարեւոր չէ այս մէկը:

Սակայն անպայման ալ կարեւոր չեմ սեպեր:

Յատկապէս թուրքեր եւ հայեր, Թուրքիա եւ Հայաստան եւ նաեւ հայկական սփիւռք պարունակին մէջ ըլլալու պարագային ցեղասպանութիւն է, թէ չէ կշռելը շատ բաներ մէկ անգամէն կղպանքի տակ կ՛առնէ:

Պատմութիւնը կը բանտարկէ:

Խելքը, բանականութիւնը կը բանտարկէ:

Երկխօսութիւնը կը կասեցնէ:

Եւ այս կալանաւորուած վիճակը «մոլեռանդներու» գործին կը ծառայէ: Պատմութեան էջերէն ջղայնութիւն եւ թշնամութիւն հանելը կը դիւրանայ:

Մինչդեռ անոնց գործերը պէտք է դժուարացնել: Պատմութեան բանտարկեալը ըլլալու փոխարէն, անցեալի ցաւերու կողմէ պատանդ առնուելով, սիրոյ եւ հաշտութեան կապին փաթթուելու ճամբաներէն կրնանք քալել:

«Անցեալին ապրուած մեծ աղէտին  պատասխանատուներուն նման պիտի շարժի՞նք, թէ՞ ոչ այդ սխալներէն դաս առնելով` այս անգամ շնորհքով մարդավայել ձեւով մը նոր էջեր պիտի գրենք». այսպէս  հարցնող Հրանդ Տինքի ձայնին ականջ կը դնեմ այս մշուշոտ առաւօտուն, յուշարձանին առջեւ…

Եկէք` նախ մէկզմէկու ցաւերը հասկնանք, անոնց բաժնեկցինք, յարգանք ցոյց տանք: Մնացածը կու գայ:

Այդպէս չէ՞, սիրելի՛ Հրանդ:

«Խոստովանանք չէ, ուրացում չէ, նախ` հասկնալ»,  կ՛ըսէիր: Հասկնալու ճամբաները ժողովրդավարութենէն, ազատութիւններու չափանիշներէն անցնիլը անունիդ պէս գիտէիր, սիրելի՛ եղբայրս:

Երեւանի մէջ օրը կը բացուի, արեւը` մշուշներուն մէջ կարմիր նարինջի մը նման: Առաւօտեան այս լռութեան մէջ ճերմակ մեխակները քեզի համար կը զետեղեմ յուշարձանին խորքը:

Որովհետեւ դուն, քու ցաւերդ զիս հոս բերին…

Այո՛, եկէք` նախ մէկզմէկուն ցաւերուն հանդէպ յարգանք ցոյց տանք…

Երեւանի մէջ անցուցած այդ գիշերը բնաւ մտքէս չ՛ելլեր: Զգացական փոթորիկներ ապրած էինք:

Ճաշարանին անունը` «The Real Armenian Kitchen»: Չաթ-փաթ թրքերէնի տեղեակ Արթուշ Պապայեան եւ իր կինը` Լարիսային ընտանեկան արմատները Զմիւռնիա կ՛երկարէին:

Երկար բարակ պատմութիւն մը:

Թուպա Չանտար, Հրանդին դուստրը` Տելալ Տինք, Ալի Պայրամօղլու, Ճենկիզ Չանտար, Մուսթաֆա Քարաալիօղլու, Էրկուն Պապայեան, Սամսոն Էօզարարատ, Գրիգոր Աժտէրհանեան: Թուրքեր, հայեր…

Հայկական խոհանոցին համադամ աղանդերներով, հայկական գինիի եւ քոնեաքով, առաւել ամէն առիթով ոտքի կանգնած բաժակաճառեր արտասանելով` անմոռանալի գիշեր մը անցուցած էինք:

Տաք պէօրէքներուն վրայ քսուած անխարդախ  սեր, պամիայով, ոչխարի միսով, փիլաւով ապուրներ խմած էինք, կովու միսով պաստուրմա` ապուխտ կերած էինք: Գիւղական պանիրներ, մեծ վարունգներ, լոլիկ, պղպեղ եւ խաշած միս ըսելով` մատանիի նման քրիսթալ գաւաթներով ետեւ-ետեւի կոնծուած տնային մանտալինա վոտքային վերջին գաւաթներն ալ Հրանդ Տինքին համար վերցուցած էինք:

Այդ գիշեր ես ալ ոտքի կանգնած` խօսած էի: Հրանդ Տինքին ցաւը  հասկցել  աշխատած էի, անոր վիշտը զիս Երեւան` Ցեղասպանութեան յուշարձան բերած ըլլալուն մասին, բաւական յուզուած եղած եմ:

Այդ գիշերուան մասին ամէնէն լաւը Տելալ Տինք գրեց: «Հրազդանի մէջ գինովցանք, մի միայն յոյսով…»  վերնագիրը կրող «Ակօս» եւ «Ռատիքալ»-ի մէջ լոյս տեսած երկար գրութենէն մաս մը ստորեւ կը մէջբերեմ:

«Եթէ թողունժողովուրդը զիրար հասկնալու լեզուն կը գտնէ…»

Պոլսոյ  մէջ անհամբեր եմ: Հետս առի ընտանիքէս 14 հոգի եւս, գացի Հայաստան:

Փողոցները պտտած ատենս անսպասելի երեւոյթի մը դէմ յանդիման գտնուեցայ: Երեք տարի առաջ, երբ կրկին եկած էի, աչքիս որքան տարիքոտ երեւցած էր քաղաքը, որքա՜ն առանձին, որքա՜ն տխուր:

Այս անգամ բնաւ այդպէս չէի զգար:

Կեանք եկած է հոս, քաղաքը երիտասարդացած: Թաքսի մը կը նստինք յուշարձան երթալու համար: Ճամբան անդիմադրելի հետաքրքրասիրութեամբ վարորդին կը հարցնեմ, ֆութպոլի խաղին եւ Կիւլին այցելութեան մասին իր տպաւորութիւնը, ան կ՛ըսէ. «Ամենակարեւորը սահմաններուն բացուիլն է: Բուն խնդիր հանողները պետութեան առաջնորդներն են: Թող թողուն` ժողովուրդը, զիրար հասկնալու լեզուն կը գտնէ»:

Ո՞վ է այս մարդը: Երեսը տեսնել կ՛ուզեմ: Չեմ կրնար տեսնել…

Կը բարձրանամ աստիճաններէն վեր, դէպի Ցեղասպանութեան յուշարձանը: Չեմ կրնար յառաջանալ նախ յուշարձանին գտնուած վայրը: Ծունկի կու գամ թանգարանի մուտքին եզերքի քարէ բարձրութեան վրայ, հեռուէն կը դիտեմ:

Ասկից  առաջ ալ եկած էի այստեղ, երեք տարի առաջ: Բայց այս անգամ  տարբեր էր: Ինչո՞ւ այսքան կու լամ:

Ինչո՞ւ այսքան կ՛ազդուիմ:

Մենք հայրս Պոլսոյ մէջ չէի՞նք թաղած  հարիւր հազարներու հետ միասին: Յետոյ Աստուծոյ հետ կը վիճիմ.-

«Կը ներեմ Քեզի, սակա՛յն մէկ պայմանով: Խոստացիր ինծի, հօրս վախճանին մասին չէ ըսելիքս: Այս երկու ժողովուրդէն 1915-ին եւ անկից ետք զոհուածներուն վերջինը  թող ըլլայ: Այն ատեն թերեւս Քեզի հանդէպ զայրոյթս կը թեթեւնայ»:

Ապա թանգարան կ՛իջնենք:

Նկարները մարդուն ներսիդին կը բզկտեն: Այսօր համակարգիչը եթէ բանամ, այս յիշատակին առնչութեամբ քանի՞ հատ նմանօրինակ նկարներու պիտի հանդիպիմ. ճիշդ այդ վայրկեանին որքան շատ ցեղապաշտութիւն տեղի կ՛ունենայ, որքան շատ ցեղամոլութեան զոհերու գոյութիւնը կը զգամ հոգիիս մէջ:

Ինչպիսի՞ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք:

Արդեօք հոս մի միայն Ցեղասպանութեան յուշարձա՞նն է: Յեղապաշտութեան զոհերու թանգարանէն դուրս գալէ ետք այս անգամ յուշարձանը քեզ դէպի իրեն կը քաշէ:

Գացած պահուս, մէկը քովս մօտենալով, անցեալ 24 ապրիլին հարիւր հազարաւորներու հետ, «Մալաթիա» փորագրուած պատին առջեւ կեցած եւ հոն ծաղիկ զետեղած ըլլալը կը հասկցնէ ինծի:

Ապա յուշարձանին պատին կը հասնիմ:

Շուրջս մարդ չէ մնացած: Սակայն առանձնութեան զգացում չկայ մէջս: Որքա՜ն ակնածալի է: Կարծես բան մը զիս դէպի կեդրոն կը քաշէ: Համայն ցեղամոլներու զոհերուն հետ շունչ կը քաշեմ այդ քարի ծակէն:

Արտօնեն եւ ես այստեղ կծկուիմ` քնանամ:

Անկից ետք ճաշի կ՛երթանք բոլորս միասին: Թուրքիայէն եկած` հոն հաւաքուած են հօրս  լրագրող  բարեկամները, ընկերները: Առանց ամչնալու` սեղանին գլուխը կը նստիմ, սեղանը ամէն կողմէն դիտել կ՛ուզեմ լաւ մը յագենալով:

Հայրս ալ անցեալին այս ճաշարանը եկած է: Ճաշարանատէրը քիչ կը մնայ ձեռքովը պիտի կերակրէ զիս: Սեղանակիցներս դիտելով` հօրս գրած վերջին յօդուածը միտքս կ՛իյնայ.

«Թուրքիա մնալով հոն ապրիլ` թէ՛ մեր իսկական ցանկութիւնն է եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պայքարը հանդիսացող մեր յարգանքի կարիքը իրագործելն է»:

Որքան ջղայնացած եմ հօրս հանդէպ, որ երկիրը ձգելով` արտասահման չգնաց: Եկո՛ւր`  տե՛ս, բարեկամներդ կ՛ապրին, անոնք «թուրք»,  իմ անխարդախ հայրս, ձեւով մը չհասկնալով իր «հայ» ըլլալը. ինքզինքդ անոնց ինչպէ՜ս  հաւասար հաշուեցիր: Որքան բարկացած եմ, որովհետեւ չգիտցար. գրող, գրագէտ, լուսաւորեալ հայ մը Թուրքիոյ մէջ ապրելու իրաւունքը չունի: Բայց ի՞նչ ըսել այս գիշերուան համար:

«Հրանդի՛ն», գոչելով բաժակ կը բարձրացնեն:

Դեղիս վերջին կաթիլը տուողը Ճեմալ փաշային թոռը կ՛ըլլայ:

Հոս սովորութիւն է եղեր կարգով սեղանին առջեւ ոտքի կանգնիլ խօսք առնել եւ բաժակ բարձրացնել: Ոտքի կը կանգնի ան եւ զայն հոս առաջնորդողը  հայրս ըլլալը  կը հասկցնէ, կ՛իմացնէ: Մէկզմէկուն ցաւերուն յարգանք մատուցելուն մասին կը խօսի թաց աչքերով, դողացող ձայնով:

Բոլորին աչքերէն արցունք կը հոսի սեղանին վրայ: Չեմ դիմանար, դուրս կը վազեմ ճաշարանէն, կուշտ մը լալու համար:

«Իմ առիւծ (ասլան) հայրիկս», կ՛ըսեմ այդ իրիկուն: Այս մարդիկը ձգելով` ո՞ւր  երթար: Անշուշտ որ պիտի մնար: Ջղայնութիւնս, բարկութիւնս կը նուազի այս շրջապտոյտին առիթով:

Կարծես 19 դեկտեմբերէն ի վեր ինքզինքս բանտարկած  էի, բարձր ճնշումով կաթսային կափարիչը փը՛թ ըսելով` կը բացուի Երեւանի մէջ:

Սիրտս կը լայննայ, մեծ շունչ մը կը ներքաշեմ: Այո, սեղմուած սիրտս կը լայննայ, կը մեծնայ… Այս Երեւանին օդէ՞ն է արդեօք: Հրապարակին կախարդական գեղեցկութենէ՞ն: Էջմիածինէ՞ն արդեօք: Թէ՞ ֆութպոլէն:

Թէ` անոնց ապրիլը, իսկ հօրս սպաննուած ըլլալը,  հօրս բարեկամներուն հանդէպ տածած  նախանձիս, հօրս մէկ երազին համար իրարու հետ գտնուի՞լն էր արդեօք:

Մեր ցաւերուն ժամանակ ալ այս մարդիկը մեզի հետ էին, բայց այս անգամ տարբեր էր: Ապագան հայերուն հետ միասին կերտելու եկած էին հոս: Յոյսի ճամբորդութեան ելած էին հօրս հետ: Դեղը այնպէս դեղ մըն էր, որ յաջորդ օրը բնաւ չարթնցայ:

Երազով մը ապրեցայ:

Ճեմալ Փաշային թոռը` Հասան Ճեմալին
«1915.-
Հայոց ցեղասպանութիւնը»
Թրքերէն Հատորէն

http://www.aztagdaily.com/archives/103245

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ