Ցեղասպանութեան մասին գրող թուրք լրագրողը՝ «Թարաֆ»ի գլխաւոր խմբագիր

Օրալ ՉալըշարԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պարբերաբար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնող թրքական յայտնի «Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնին նշանակուած է «Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիր Օրալ Չալըշար. այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Չալըշար այն թուրք մտաւորականներէն է, որ հակառակ իր պետական մերժողական քաղաքականութեան, քանի մը առիթներով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին արտայայտուած է: Ան մէկն էր այն թուրք մտաւորականներէն, որոնք անցեալ Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ մասնակցած են Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ոգեկոչման արարողութեանց:
Նախքան Օրալ Չալըշարի նշանակումը, «Թարաֆ»ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ժամանակաւորապէս ստանձնած էր հայազգի լրագրող Մարգար Եսայեանը:

http://asbarez.com/arm/151336/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ