Էրտողան սպաննուած քիւրտերուն հարցով բացատրութիւն կ՛ուզէ Հոլանտէն

Սաքինէ ՃանսըզԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պէտք է աշխարհին բացատրութիւն տայ, թէ ինչո՛ւ «Ինթըրփոլ»ի կողմէ փնտռուող «ահաբեկիչներու» հետ հանդիպումներ ունեցած է՝ ակնարկելով անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ գործիչներուն:
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նկատմամբ Ֆրանսայի վարուելակերպը բուռն քննադատութեան ենթարկելով՝ Էրտողան ըսաւ, որ Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ կին գործիչներէն Սաքինէ Ճանսըզ, որ քրտական կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն է, 2007ին Գերմանիոյ մէջ ձերբակալուած էր, սակայն անմիջապէս՝ ազատ արձակուած:
«Մենք ֆրանսական կողմը երկու ամիս առաջ տեղեակ պահեցինք Ճանսըզի Ֆրանսա ներկայութեան մասին: Ֆրանսա այդ առնչութեամբ ոչինչ ըրաւ», նշեց Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ Հոլանտ յայտնած էր, թէ ինք սպաննուած երեք կիներէն մէկուն ծանօթ էր եւ ան ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու ծանօթ է: Էրտողան սպանութեանց պատասխանատու համարեց նոյնինքն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը: «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը անարատ եւ մաքու՞ր է: Բազմաթիւ երիտասարդներ եւ մանուկներ այդպէս սպաննուած են: Նոյնիսկ Ճանսըզի նշանածը՝ Մեհմետ Շեներ, այդպէս սպաննուած էր», ըսաւ Էրտողան:
«Անոնք, որոնք կը փորձեն ասիկա թրքական պետութեան ուսերուն բեռցնել, անկարող են հարցականի տակ առնել կազմակերպութեան մէջ այսպիսի ներքին ահաբեկումներ», ըսաւ ան: Էրտողան ֆրանսական իշխանութեանց կոչ ուղղեց այս դէպքին ծալքերը բացայայտելու ուղղութեամբ իրենց ջանքերը կրկնապատկելու: «Ասիկա կրնայ Թուրքիոյ մէջ ընթացող հոլովոյթը խափանելու համար եղած ըլլալ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ «ֆրանսական պետութենէն կ՛ակնկալենք այս մէկը անմիջապէս բացայայտել»:
Իր կարգին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ երեք գործիչներու ահաբեկումը կրնայ ընդյատակեայ գործունէութիւն տանող թուրք ազգայնականներու գործը ըլլալ՝ նշելով, որ մահապատիժի ոճով կատարուած սպանութիւնները կանխամտածուած եւ ծրագրուած էին: Քրտական կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ դէպքին ծալքերը չբացայայտելու պարագային՝ պատասխանատու պիտի նկատուի Փարիզը:
Կուսակցութեան զինեալ թեւին պատկանող կայքէջի մը վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ  «միջազգային եւ թրքական» ուժերը կ՛ամբաստանուին սպանութեանց համար: Հոն կը յիշուի, որ Թուրքիոյ մէջ պետական հովանաւորութիւն վայելող ազգայնամոլները յաճախ նման բռնարարքներու կը դիմեն:
Մինչ այդ, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կատարած ցոյցերու կոչէն ետք, Թուրքիա Եւրոպայի մէջ իր դեսպանատուները պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ եւ ֆրանսական իշխանութիւններէն խնդրեց Ֆրանսայի մէջ իր շահերուն շուրջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել:
Թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ «Ենի Շաֆաք» թերթը հաղորդեց, որ կը կարծուի, թէ Ճանսըզ կարճատեւ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Փարիզ, երբ սպաննուած էր, եւ կը պատրաստուէր այցելելու Գերմանիոյ Քոլոն քաղաքը՝ հանդիպումներ ունենալու քիւրտ ներկայացուցիչներու հետ:
Թրքական լրատուամիջոցները նաեւ ակնարկեցին քրտական փոքրամասնութիւններ ունեցող եւ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ դէմ հակադրուած Սուրիոյ Կամ Իրանի մեղսակցութեան հաւանականութեան:
Կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի փաստաբաններէն Էրեն Քեսքին յայտնեց. «Քիւրտերը այս ոճիրէն որեւէ շահ չունին: Չեմ կարծեր, որ ասոր ետին եղողը ներքին պայքարն է: Քրտական հարցը միայն Թուրքիոյ մէջ չէ, անիկա Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ երկիրներ կը ներառէ, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգները: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ շրջանակներ, որոնք խաղաղութեան հեռանկարէն անհանգստացած են, եւ գոյութիւն ունին շատեր, որոնք խաղաղութեան բացակայութենէն շահ կ՛ապահովեն»:
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ՝ երեսփոխան Սեպահան Թունչել, ակնարկելով Օճալանի եւ թրքական կառավարութեան միջեւ բանակցութիւններուն՝ յայտնեց. «Եթէ այս ոճիրին ծալքերը չբացայայտուին, ապա այս հոլովոյթը ուշ կամ կանուխ պիտի տապալի: Անցեալին եւս նման գրգռութիւններն էին, որոնք խաղաղութեան ջանքերը արգելակած էին: Անոնց պատասխանատուն՝ թրքական պետութիւնն էր», հակադարձելով Էրտողանի պնդումին:
Նաեւ, ըստ թրքական գաղտնի սպասարկութենէն (ՄԻԹ) աղբիւրներու՝ ՄԻԹ եւս Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան շուրջ հետաքննութեան մը սկսած է:
Վերջապէս, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Կիրակի օր հաղորդեց, որ թրքական ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերուն եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ Մծբինի մէջ բախում մը տեղի ունեցած է, երբ ապահովական ուժերը տուն մը ներխուժած են: 30 վայրկեան տեւած բախումին պատճառով, քիւրտ զինեալ մը սպաննուած է: Անմիջապէս դէպքին վայրը հաւաքուած են ցուցարարներ, որոնք բախում ունեցած են թուրք ոստիկաններու հետ, որոնք ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր նիւթեր օգտագործած են:

http://asbarez.com/arm/151318/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ