ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռեկնում» եւ «Թաս» լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ Նախիջեւանի մէջ արտակարգ իրավիճակը կը յամենայ, այն օրէն երբ սկսան հակակառավարական թռուցիներ ցրուիլ:
Թռուցիկներու բովանդակութիւնը շատ անգամ մարզային իշխանութիւններու հասցէին սպառնալիքներ կատարած է: Թռուցիկները առաջին անգամ յայտնուած են մէկ ամիս առաջ եւ ստորագրուած են «Հայրենասիրական եղբայրներ»-ու կողմէ: Թռուցիկները տարածուած են հիմնականին մէջ այն շրջաններուն մէջ, ուր հսկող տեսախցիկներ չկան, ոչ ալ խիստ ոստիկանական ուժեր: Տեղւոյն բնակիչները կը յայտնեն, թէ թռուցիկներուն պատճառով գաղտնի ոստիկաններու կողմէ հսկողութիւնը զգալիօրէն խստացած է փողոցներուն մէջ: Յիշեցնենք որ գիշերուան ժամերու շրջագայութեան արգիլում ալ յայտարարուած էր…: Ատրպէյճանի Ազգային ճակատի կուսակցութեան փոխնախագահ Ասեֆ Հուսէյնովի կարծիքով՝ Նախիջեւանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ճնշման պատճառով քաղաքացիները իրենց բողոքը արտայայտելու այլ ձեւեր կը փնտռեն, եւ այդ ձեւերէն մէկն է նման թռուցիկներու տարածումը: Ըստ անոր՝ ղեկավարութիւնը կը խախտէ մարդկային տարրական իրաւունքները: Հոկտեմբերին, նորվեկիական «Մարդկային իրաւանց տուն» հիմնադրամին հրապարակած տեղեկագիրով խստօրէն դատապարտուած էին Նախիջեւանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները: Պաքու կը շարունակէ պնդել, թէ Նախիջեւանի իրավիճակը ներկայացուած է խեղաթիւրուած ձեւով:
http://www.azator.gr/turkey-atrpeychan/5136-2013-01-11-09-38-20
Leave a Reply