Փարիզի մէջ երեք քիւրտգործիչներ կը սպաննուին

Սաքինէ ՃանսըզՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի` յունուար 10ին, ֆրանսական ոստիկանութիւնը արեւելեան Փարիզի քրտական կեդրոնի մը գրասենեակին մէջ յայտնաբերեց երեք քիւրտ գործիչներու դիակները: Ոճրագործները կրցած են փախուստ տալ:

Գործիչներու շարքին են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ եւ Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Քրտական ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան: Երրորդ զոհն էր Լէյլա Սէօյլէմէզը:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս դէպքին վայրը այցելելով՝ սպանութիւնը «անհանդուրժելի ահաբեկում» որակեց` խոստանալով բացայայտել պատասխանատուները:

Ոճիրի բացայայտումէն անմիջապէս ետք տեղւոյն քիւրտ բնակչութենէն ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին գրասենեակին առջեւ՝ պահանջելով խստօէն պատժել ոճրագործները:

http://asbarez.com/arm/150994/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ