Օճալանի խորհրդակցութիւնները Թուրքիոյ պետական ներկայացուցիչներուն հետ

ՕճալանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտինէն քիւրտ երեսփոխան Ահմետ Թիւրք, որ Իմրալը կղզիին վրայ անցեալ շաբաթ տեսակցութիւն մը ունեցած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան` ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի ու չորս թուրք պաշտօնատարներու հետ, երկուշաբթի, յունուար 7ին մասնակցեցաւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի գլխաւորած խորհրդարանի շէնքին մէջ կատարուած ժողովի մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր քննարկել Օճալանի հետ տեսակցութեան մանրամասնութիւնները։
Թէ Օճալան ինչպիսի՞ պահանջներ ներկայացուցած է պետութեան, որպէսզի զէնքերը վար դրուին վերջնականապէս՝ տակաւին յայտնի չէ, սակայն «Ռատիքալ»ը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ զինեալ պայքարը կասեցնելու գծով համաձայնութեան մը նախագիծ գոյացած է։
Թիւրք ըսաւ, որ ինք յուսալից է ստեղծուած նոր պայմաններուն կապակցութեամբ։ Ան դիտել տուաւ, որ նման տեսակցութիւններ պէտք է շարունակուին, որպէսզի զէնքերը վերջնականապէս վար դրուին։ Ան ըսաւ նաեւ, որ Օճալանի պահանջները պետութիւնը դժուար կացութեան մատնելու բնոյթ չունին՝ առանց մանրամասնելու այդ մասին։
Իր կարգին, Տեմիրթաշ ըսաւ, որ կուսակցութիւնը քանի մը օրէն պիտի հրապարակէ իր պաշտօնական կեցուածքը Օճալանի հետ կատարուած տեսակցութիւններուն մասին։
Նաեւ, Վանի անկախ երեսփոխան Այսել Թուղլուք, Տիարպեքիրի մէջ ըսաւ, որ քրտական հարցը կը լուծուի ո՛չ թէ ժխտումով ու ուրացումով, այլ՝ ժողովրդավարական հիմերու վրայ կատարուած բանակցութիւններով՝ դրուատելով Օճալանի հետ տեսակցութիւնը: Ան աւելցուց, թէ շատ յատկանշական է, որ Օճալանին հետ տեսակցելու արտօնութիւնը տրուեցաւ այնպիսի պատուիրակութեան մը, որուն գլուխը կը գտնուի Ահմետ Թիւրք:

http://asbarez.com/arm/150879/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ