ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ» – Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ առաջին անգամ ըլլալով «Թուիթըր»ի միջոցով, թրքերէնով պատասխանած է քաղաքացիներու հարցումներուն: Մօտ մէկ ժամուան ընթացքին դեսպանը պատասխանած է տարբեր նիւթերու վերաբերող հարցումներուն, որոնց կարգին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի Ապրիլ 24ին ունենալիք ելոյթին:
«Չէ՞ք կարծեր, թէ արդէն իսկ մօտիկ ապագային կայանլիք ընտրութիւններուն պատճառով, նախագահ Օպամա Ապրիլ 24ին կրնայ արտասանել «ցեղասպանութիւն» բառը», հարցումին իբրեւ պատասխան՝ դեսպանը նշած է, թէ ինք չի կրնար գիտնալ, թէ նախագահը ի՛նչ պիտի ըսէ: «Սակայն ինչպէս նախապէս ըսած է նախագահ Օպամա, հայ եւ թուրք ժողովուրդները պէտք է հաշուի առնեն անցեալի իրականութիւնը եւ յառաջ ընթանան: Անհրաժեշտ է կողմերուն միջեւ կապի հաստատումը։ Երկու կողմերուն պատմաբանները պէտք է հանդիպին», գրած է Ռիքարտոնէ:
http://asbarez.com/arm/121730/




Leave a Reply