Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնած է, թէ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը մերժուելու պարագային՝ անյապաղ նոյն ուղղութեամբ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստել պիտի տայ։ Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Նշենք, որ Ծերակոյտէն 77 եւ Ազգային ժողովէն 65 ստորագրութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը 31 Յունուարին բողոքարկուած էր Սահմանադրական Խորհուրդին:
Ժողովրդական Շարժում միութեան անդամ եւ օրինագիծին դէմ ստորագրող Ժաք Մէարտ, իր հերթին յայտնած է, որ Սարքոզիի քայլը անհնար է։ Եթէ օրինագիծը մերժուի՝ կը նշանակէ թէ հակասահմանադրական է:




Leave a Reply