
ՄԱՀԻՐ ԷՕԶՔԱՆ Համշէնահայերէնը իմ մայրենին է։ Խօսիլ սկսայ երկու լեզուներով։ Համշէնահայերէնի եւ թրքերէնի կը տիրապետէի նախքան դպրոցական տարիներուս։ Խոստովանիմ թէ ծնողներս շատ ալ ցանկութիւն չ՚ունէին համշէնահայերէն իմանալուս հանդէպ։ Ըստ երեւոյթի կը մտահոգուէին թէ համշէնահայերէն խօսելով կը դժուարանամ թրքերէնի լաւ տիրապետելու։ Ես աւելի վերջ նկատեցի թէ այդ դժկամութեան ետին ուրիշ ազդակներ ալ կան։ Կրնամ ըսել թէ…