
Յ. Պալեան Գրախօսելու միտում չունին այս տողերը: Կը փափաքիմ, որ իրաւազրկուած եւ իրաւազրկուող ժողովուրդի զաւակները գիտակցութիւն նուաճեն համացանցային անմիջական հազիւ փայլած եւ անմիջապէս մարող-մոռցուող տեղեկութիւններէն անդին այլ հարստացում ունենան: Երեւանի պետական համալսարանի գեղատիպ հրատարակութիւն գիրք մը, «Համշէնը հայկական ձեռագրերում», հեղինակ՝ Լուսինէ Սահակեան: Մամուլը անդրադարձաւ գիրքի ներկայացման, որ տեղի ունեցաւ 18 Մարտ 2019ին, Հայաստանի պետական համալսարանի…