
Երբ 18 Յունիսին հրապարակուեցաւ 9 տարիէ ի վեր համայնքային ընտրութիւններու առկախման պատրուակ դարձած նոր կանոնագիրը, պոլսահայութիւնը անգամ մը եւս անպատրաստի գտնուեցաւ։ Կարծես մերոնք բոլորովին յոյսերնին կտրած ըլլային ընտրութիւններու մասին, տակաւին չենք կրնար կողմնորոշուիլ նախապատրաստութեան յստակ քայլերու դիմելու համար։ Պարտադրած կանոնագրի բացթողումներու պատճառաւ նոր տարակարծութիւններ կայացան։ Կանոնագրի սահմանափակումներուն դէմ առարկութիւն առաջարկողները անգամ կը կիսէին այն մտահոգութիւնը…