
Մարտ 18-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սողոմոն Թեհլիրեան. հայոց արդարհատոյցը» խորագրով դասախօսութիւններու շարք: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ թէեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը բաւականաչափ ճանաչելի են, այնուամենայնիւ, կան տակաւին չուսումնասիրուած եւ չլուսաբանուած կողմեր: Օրուան առաջին բանախօսը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտերու բաժինի վարիչ, գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանն…