
Պոլսահայ համայնքէն փաստաբան Սիմոն Չէքէմ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան հաղորդում ներկայացուցած է քաղաքի մզկիթներէն մէկուն մէջ քարոզի ժամանակ «հայու սերմ» արտայայտութիւնն օգտագործած իմամի վերաբերեալ։ Պոլսահայ փաստաբանը դատախազութենէն պահանջած է, որ իմամը պատժուի ժողովուրդին մէջ ատելութիւն ու թշնամանք հրահրելու, խտրականութեան, նուաստացման, վիրաւորանքի եւ սպառնալիքի համար։ Սիմոն Չէքէմ իր դիմումին մէջ ըսած է. «Կասկածեալի կողմէ հնչեցուած այս խօսքերը…