
Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս պիտի կայանայ տարեկան ուխտագնացութիւնը՝ Խաչվերացի տաղաւարի տօնին առթիւ։ Մշակոյթի նախարարութեան արտօնութեամբ, տարին անգամ մը այստեղ արարողութիւն կը կատարուի, Խաչվերացի տօնին առթիւ։ Հակամարտութիւններու պատճառով, արարողութիւններ չէին կայացած 2015-2018 թուականներու միջեւ։ Արարողութիւնները վերսկսած էին 2018-ին։ Այս տարուան արարողութեանց պիտի նախագահէ պատրիարքական տեղապատ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան,…