
23 Յունուար գիշերուայ ժամերուն Գարագիւղի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի պաշտօնական տեղեկագիրը հրապարակուեցաւ։ Իսթանպուլի հրշէջ կազմի կողմէ պատրաստուած տեղեկագրի համաձայն հրդեհի ծագման պատճառը պարզել կարելի չէ եղած։ Հրդեհի պատճառաւ մահացած էին Ֆեհիմ Ադսուփ եւ Ժոզեֆին Էքմեքչիօղլու անուն պատսպարեալները։ Տեղեկագիրը կը հաստատէ նաեւ եռայարկ շէնքի կրած վնասները։ Տեղեկագրի համաձայն շէնքին մէջ բնական…