
ԷՅՅՈՒՊ ԿԻՒՎԵՆ 1915 թուականը հայերու կոտորածի գագաթնային տարեթիւն է, բայց այդ վայրագութեան հետքերը մինչեւ այսօր տեսանելի կը մնան։ Վիշտով լեցուն յուշերը ամենայն կենդանութեամբ մինչեւ օրս կը փոխանցուին։ Թէեւ միայն ձեւական նշանակութիւն ունեցող ներողութեան նախադասութիւնները մերթ ընդ մերթ կը լսուին, բայց լուրջ առերեսում մը ցարդ չէ իրականացած։ 1923-էն այս կողմ քրիստոնեաներու ինչքերը կարծես Աստուածային ընծայ մը…