
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Յաջորդ երգը` «Դէպի Լիզպոն գնացին», որուն մտայղացումը, վերը ըսինք, Վաչէին է: Խօսք, երաժշտութիւն եւ մեկնաբանութիւն` նոյնպէս Վարդան Եսայեանին կը պատկանի: Վարդան այս երգն ալ հրապարակած է 1984-ին: «Դէպի Լիզպոն գնացին» երգին երաժշտութեան մեղեդին քնարական է` որպէս ժողովրդական ոճ, կը զատորոշուի ինքնուրոյն յուզական արտայայտչութեան մեղեդիով: Սակայն Վարդանի իւրայատուկ ձայնը իր բոլոր երգերուն մէջ յուզականութենէ…