Հանդիպում «Աքսորի ճամբուն վրայ» հատորը կազմող Գրիգոր Պըլտեանի հետ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ հանրային հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Արամ Անտոնեանի հեղինակութեամբ նոր հրատարակուած «Աքսորի ճամբուն վրայ» հատորը կազմող Գրիգոր Պըլտեանի հետ, զոր պիտի ներկայացնէ Յակոբ Կիւլլիւճեան։

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Գրադարանի հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։

«Աքսորի ճամբուն վրայ» հատորը կը խմբէ արեւմտահայ գրող Արամ Անտոնեանի (1874-1951)՝ Եղեռնէն ներշնչուած պատմուածքներն ու անձնական յիշողութիւնները: Գործերը գրուած են 1916-1946 շրջանին եւ լոյս տեսած սփիւռքահայ մամուլին մէջ, սակայն ցարդ երբեք չէին զետեղուած մէկ կողքի տակ: Անոնք կը կազմեն վերապրողի մը գրական թանկագին վկայութիւնները՝ հայ մտաւորականութեան ոչնչացման պատմութենէն:

Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945ին՝ Պէյրութ, իսկ 1967ին մեկնած է Փարիզ: 1973ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն: Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկերի «Գեղագիտութեան Զանցումը» նիւթին շուրջ: Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ՝ ֆրանսական մամուլին մէջ: 1978էն սկսեալ, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ: Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն՝ Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ: Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար», ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս տեսած է 1976ին: Յետագայ տարիներուն, Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական: Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու եւ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ: Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ՛արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու մասնաւորապէս՝ լեզուին։ Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ