ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» թերթի յօդուածագիր Սեւիլայ Եուքսելիր իր` օգոստոս 7ի ակնարկին մէջ կը գրէ, որ վստահ է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան պատասխանատուն փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզն է, որ «Էրկենեքոն»ի հարցով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուածներէն մէկն է։ Եուքսելիր կը գրէ, թէ Օրհան Փամուքի դատավարութեան ընթացքին, բազմաթիւ լրագրողներու կարգին հոն էր նաեւ Հրանդ Տինքը, եւ երբ լրագրողներ Տինքէն յայտարարութիւն կը խնդրէին, կարգ մը բողոքարկուներ Հրանդին կը պոռային. «Կորսուէ՛, գնա՛ այս երկրէն, հայու …»։ Ապա, Քերինչսիզ պոռացած է. «Դարձեալ թրքութիւնը կը նախատես օտարներու մօտ, հայու …։ Գիտցիր, որ վախճանդ շատ գէշ պիտի ըլլայ։ Ամէնէն վերջը պիտի սատկեցնենք քեզ»։
Ըստ «Սապահ»ի՝ Տինքի սպանութեան պատասխանատուն «Էրկենեքոն»ի հարցով դատապարտուածներէն մէկն է
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply