«Հայաստանի մէջ չեն հասկնար, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը ձգտին զայն ջնջել երկրի երեսէն». ԵԽ պատգամաւոր

Կիպրոսէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Կեատիս Կեատին «Ալֆա Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ համաձայն չէ այն մօտեցումին, որ փաստօրէն կ՛ենթադրէ Հայաստանի մէջ ռուսական ազդեցութեան փոխարինումը թրքականով:

«Ես պարբերաբար կ՛այցելեմ Հայաստան եւ կը տեսնեմ, որ այսօր հոն կը գերակշռէ բացարձակ չէզոք քաղաքականութիւն վարելու եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւն զարգացնելու ձգտումը՝ չհասկնալով, որ այդ երկիրները կը փափաքին Հայաստանը ջնջել երկրի երեսէն եւ ամբողջութեամբ փոխել աշխարհի քարտէսը: Նկատի ունենալով, որ մենք նոյնպէս եղած ենք թրքական քաղաքականութեան զոհ, կրնանք հասկնալ, թէ նման գործընթացները հետագային ինչի՛ կրնան յանգեցնել», ընդգծեց պատգամաւորը:

Պատասխանելով Ատրպէյճանի հետ յառաջ մղուող «խաղաղութեան» մասին հարցումին՝ ան դիտել տուաւ. «Կը կարծեմ, թէ խաղաղութիւնը պատրանք է, որովհետեւ Թուրքիան երկարաժամկէտ աշխարհաքաղաքական հայեացքներ ունեցող երկիր է: Գիտնալով անոր պատմութիւնը՝ ես տեսած եմ, թէ ի՛նչ են անոր պատկերացումները Հայաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ընդհանուր առմամբ Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ: Եւ անոնք կ՛ուզեն երկրի երեսէն ջնջել բոլոր այն երկիրները, որոնք իրենց համար խնդիրներ ստեղծած են:

«Այնպէս որ, իմ տեսանկիւնէս, ես համաձայն չեմ եւ չեմ ընդունիր Հայաստանի նոր աշխարհաքաղաքական տեսլականը: Եւ ես կը կարծեմ, թէ անիկա պատճառ պիտի ըլլայ բազում խնդիրներու, ես այս գիծը վտանգաւոր կը նկատեմ: Փաշինեանը կը փորձէր Եւրոպան մղել որոշակի դիրքորոշման: Ան կ՛ըսէր, որ եթէ զայն չեն ընդունիր իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից, ապա անհրաժեշտ է «Թուրքիան ներքաշել Եւրոպա»:

Կեատիս Կեատին համաձայն՝ Հայաստանը պէտք է շարժի Թուրքիոյ միջով, որպէսզի ճամբայ ստանայ դէպի Եւրոպական Միութիւն: Այսպիսով, միակ երթուղին Թուրքիոյ միջով է:

«Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի զարգացման ռուսական տարբերակը: Այլ խօսքով՝ ան յառաջ կը մղէ, իմ կարծիքովս, այս աշխարհաքաղաքական գիծի հակառուսական տարբերակը: Եթէ խօսքը կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի հաւանական անդամակցութեան, ապա զայն կրնան ընդունիլ Եւրոպական Միութեան մէջ, նաեւ առանց Թուրքիոյ: Եւրոպայի անդամակցութիւնը չի նշանակեր, որ երկիրը պարտադրաբար պէտք է ցամաքային կապ ունենայ անոր հետ: Օրինակ՝ Կիպրոսը չունի նման կապ, բայց Եւրոպական Միութեան անդամ է: Ուստի տարածքային «կապի» անհրաժեշտութեան մասին պնդումը պարտադիր պայման չէ:

«Միեւնոյն ժամանակ, խօսքը նաեւ Թուրքիոյ մասին է, զոր, ինչպէս ես կը կարծեմ, անկարելի է ընդունիլ Եւրոպական Միութիւն, որովհետեւ ան երկիր մըն է, որ չի յարգեր միջազգային իրաւունքը, մարդու իրաւունքները եւ ծովային իրաւունքի կանոնները»:

https://asbarez.am/archives/504608

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ