Ատրպէյճանէն ետք Թուրքիա եւս կ՛ողջունէ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը՝ զայն «պատմական փոփոխութիւն» բերող նկատելով

•

23 Նոյեմբերին՝ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակման օրն իսկ, Ատրպէյճան ողջունեց զայն, որովհետեւ յստակ կերպով հոն գործադրուած էր իր պահանջը՝ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը։

24 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի միացաւ նաեւ Թուրքիան՝ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակումը նկատելով «պատմական փոփոխութիւն» բերող։  Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ թրքական կողմի բանագնաց Սերտար Քըլըչ յայտարարեց, որ նոր նախագիծին մէջ Թուրքիոյ հետ վէճի առիթ դարձած ձեւակերպումը հանուած է:

«Պատմական փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ. հանուած է այն ձեւակերպումը, որ տարակարծութիւններու տեղիք տուած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Ինչպէս միշտ ըսած եմ, պարոն Նիկոլ Փաշինեանը կառուցողական եւ անկեղծ գործընկեր է ոչ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հարցով», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Քըլըչը՝ բաժնեկցելով թրքական «Սապահ» պարբերականին յօդուածը:

Յիշեցնենք, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի նախաբանին մէջ կը բացակայի յղումը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին: Եթէ Պաքուն խնդրայարոյց կը նկատէր Անկախութեան հռչակագիրին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման մասին յիշատակումը, ապա Անգարայի դժգոհութեան պատճառը փաստաթուղթին մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու ձեւակերպումն էր, որ նորին մէջ չկայ:

Աւելի կանուխ` 2025ի Ապրիլին Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրին մէջ՝ պատասխանելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ հարցումներուն, Սերտար Քըլըչը նշած էր, որ ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է, եւ միայն հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի կառոյցները կ՛որոշեն, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի իրականացնեն այդ գործընթացը:

https://asbarez.am/archives/513220

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ