Ֆըլլէի հրաժեշտը

•

Ամէն մարդ իր ապ­րած ժա­մանա­կին, վրան ծնած ու մեծ­ցած հո­ղին, միասին ապ­րած մար­դոց, իր ժո­ղովուրդին, իրեն փո­խան­ցո­ւած ան­ցեալին պատ­մութիւ­նը իր մար­մի­նին ու մոր­թին մէջ կը կրէ։

Ռոպէր Քոփթաշ

Բայց ահա ոմանք այս բո­լորին դրոշ­մո­վը աւե­լի տար­բեր կեր­պով կը կնքո­ւին, մարմնա­ցում մը կ՚ըլ­լան։ Ապ­տուրրա­հիմ Ար­մէն Զօ­րարսլան Տե­միր­ճեանն ալ ահա անոնցմէ մէ­կը եղաւ։ Անու­նին եր­կայնու­թիւնը իր մեք­սի­կացի ըլ­լա­լէն չէ. քիւրտ, թուրք, հայ ճա­կատագ­րի ու վիշ­տի եռան­կիւնը իր փոք­րիկ մար­մի­նին վրայ կրած ըլ­լա­լուն նշանն է, այնպէս վե­հու­թեամբ, ինչպէս Յի­սուս իր խա­չը կրեց դէ­պի Գող­գո­թայի բլու­րը, որ քա­նի քա­լէր այնքան կը հե­ռանար, ճա­նապար­հը կ՚եր­կա­րէր։ Մարմնա­ցում, բախտ, դրոշմ, Գող­գո­թա ըսի ըսե­լով՝ մի կար­ծէք որ, հսկայ մար­դու մը մա­սին կը խօ­սիմ։ Ան պատ­մութեան բո­լոր մեծ ան­ցուդար­ձե­րը գրող, բայց այդ մե­ծու­թեան հետ գործ չու­նե­ցող այն փոքր մար­դոցմէն էր, հո­ղին մէջ մրջիւ­նի, ջու­րին մէջ ձու­կի, օդին մէջ թռչու­նի չափ շատ եղող­նե­րէն։

Աչ­քե­րուն փայ­լը

2008-ին Արաս հրա­տարակ­չա­տան անու­նով Ուի­լիըմ Սա­րոյեանի մա­սին ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար գա­ցեր էի Տի­յար­պէ­քիր։ Վա­զելով եկաւ։ Ծա­րաւի պէս։ Այն ատեն չհասկցայ, որ իր յու­զումը՝ չծած­կո­ւած, չպա­հուը­տած, կեն­դա­նի, անու­նով-ազ­գա­նու­նով հայ մը տես­նե­լու ու­րա­խու­թե­նէն կու գար։ Միշտ այդպէս պի­տի ընէր, երբ որ մեր ճամ­բան Տի­յար­պէ­քիր իյ­նար, իր­մէ, հօր­մէն, մեծ մայ­րե­րէն ու մեծ հայ­րե­րէն ստա­ցուած ինքնու­թիւնը կրող­նե­րուն քով արագ, բայց լուռ ու անաղ­մուկ պի­տի մօ­տենար, թարմ ան­տա­ռի մը օդը ներս քա­շելու պէս, զու­լալ ջուր մը ումպ-ումպ խմե­լու պէս պի­տի կե­նար մեր քո­վը։ Բան մը պէ՞տք է, պի­տի վա­զէր, յոգ­նա՞ծ էք, աթո­ռը պի­տի տար։ Անօ­թի՞ էք, վա­զելով տու­նէն ու­տե­լիք մը պի­տի բե­րէր։ Գիրք մը տե­ղափո­խելու պէ՞տք է, վրան պի­տի առ­նէր։ Թէյն ու սուրճը պա­կաս պի­տի չը­նէր։ Յե­տոյ ձեռ­քե­րը առ­ջե­ւը ծա­լելով նո­րէն քո­վեր­նիդ պի­տի կե­նար, մին­չեւ որ նոր պէտք մը ու­նե­նալ­նիդ զգար։ Յե­տոյ նո­րէն վա­զելով նոյն հո­գածու­թեամբ ու լռու­թեամբ զայն ալ պի­տի կար­գադրէր, դար­ձեալ քո­վեր­նիդ գա­լով ձեռ­քե­րը իրար միաց­նե­լով ոտ­քի պի­տի կե­նար։ Եր­բեմն աչ­քե­րը փայ­լե­լով ըն­տա­նիքին պատ­մութիւ­նը պի­տի պատ­մէր, նոր գտած չեմ գի­տեր ո՛ր գա­ւառի մէջ ապ­րող ազ­գա­կանի մը հետ ինչպէս կապ հաս­տա­տած ըլ­լա­լը, սոր­ված հա­յերէն բառ մը հպար­տութեամբ պի­տի ըսէր, հա­սակը իր հա­սակը ան­ցած գե­ղեցիկ որ­դին պի­տի բե­րէր ու պի­տի ծա­նօթաց­նէր, յե­տոյ նո­րէն ան­մի­ջապէս շշնջա­լով պի­տի հարցնէր՝ իր այդ թէ՛ թրքե­րէն, թէ՛ հա­յերէն, թէ՛ քրտե­րէն խօ­սող լե­զուո­վը։ Բան մը պէտք ու­նի՞ս, ու­զածդ բան մը կայ, աղ­բա­րիկ։

Սուրբ Կի­րակո­սի ամէն ին­չը

Տի­յար­պէ­քիր գա­ցինք՝ ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մար, մի­ջոցա­ռու­մի մը հա­մար, թէ ու­րիշ որե­ւէ պատ­ճա­ռով, միշտ նոյն ու­րա­խու­թեամբ ու փո­խարէն բան չսպա­սող բա­րեկա­մու­թեամբ հոն պի­տի ըլ­լար։ «Ակօս»ի հա­մար բա­ժանորդ պի­տի հա­ւաքէր, «Արաս»ի հա­մար աշ­խա­տանք պի­տի տար, քա­ղաքին հա­յերը լաս­տե­րու վրայ նստեց­նե­լով Տիգ­րի­սի մէջ մոր­թո­ւած ժա­մանակ զան­գա­կատու­նը թնդա­նօթի կրա­կով փլած, նախ զի­նուո­րական զօ­րանոց, ապա Սիւ­մերպան­քի պա­հեստ ծա­ռայած, վեր­ջա­պէս պե­տական ապա­րատի ճի­րան­նե­րէն հա­զար ու մէկ դժո­ւարու­թեամբ ազա­տուած ու վերստին եկե­ղեցի վե­րածո­ւած, քա­նի՛ ան­գամ իր մո­խիր­նե­րէն վե­րած­նած Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեցիին տէր պի­տի կանգնէր։ Անոր պա­հակու­թիւնը պի­տի ընէր, անոր մաք­րութիւ­նը պի­տի հո­գար, այս բո­լորը ան­խառն հա­ւատա­ցեալի մը իր ան­ձը Աս­տուծոյ նո­ւիրե­լուն ակ­նա­ծան­քով ու ու­րա­խու­թեամբ պի­տի ընէր, այդ ադա­մոր­դին։

Ապ­տուրրա­հիմէն Ար­մէ­նի

1961-ին քիւրտ ծնած էր։ Մահ­մե­տական, Ապ­տուրրա­հիմ Զօ­րարսլան անու­նով։ Բայց 2026-ին Ար­մէն Տե­միր­ճեան անու­նով մե­ռաւ Ար­մէն աղ­բա­րիկը։ Անոր մե­ծերը, իրենց մե­ծերէն կրա­կի ու սու­րի մի­ջեւ ողջ մնա­ցող­նե­րը, 1915-ին չմեռ­նե­լու, չսպան­նո­ւելու հա­մար կրօ­նափոխ եղած էին։ Իրենց գաղտնի­քը եօթը տու­փի մէջ փա­կելով, կոյր ջրհոր­նե­րու մէջ նե­տած էին։ Կոյր ջրհոր­նե­րուն, եօթ­նա­պատիկ կղպան­քին ան­գամ պա­հել չկրցած գաղտնի­քը քսան­հինգ տա­րեկա­նին երբ իմա­ցաւ, այ­լեւս նոյն մար­դը չկրցաւ ըլ­լալ։ Առա­ջուան պէս չկրցաւ ըլ­լալ, բան մը պա­տահած չըլ­լա­լու պէս ձե­ւաց­նել չկրցաւ, սրտին մէջ Ապ­տուրրա­հիմը Ար­մէ­նի վե­րածեց։ Մի գու­ցէ ամե­նահայ անու­նը չէ՞ր ասի­կա։ Քա­նի որ Աս­տուած ռա­հիմ՝ ողոր­մած, գթած, պահ­պա­նող էր, ինք ալ անոր ծա­ռան էր, ու­րեմն գի­տէր թէ իր ըրա­ծը մեղք չէր, իրա­ւունք էր, եւ թէ իրա­ւունքը եկած ատեն սու­տը պի­տի ան­հե­տանար։ Չա­փահաս տա­րիքին մկրտո­ւած ու քրիս­տո­նեայ դար­ձած, իր կո­րուստնե­րուն հետ այսպէս կապ հաս­տա­տել յար­մար նկա­տած էր։ Բայց խնդա­լով կը պատ­մէր թէ իր ըն­տա­նիքին, ազ­գա­կան­նե­րուն մեծ մա­սը իր որո­շու­մին դէմ կանգնած էին, իրեն բար­կա­ցած էին, յե­տոյ ալ «Որո՞ւ հոգն է» ըսե­լու պէս ձեռ­քը շար­ժե­լով՝ «Ez fılle me» կ՚ըսէր՝ կապ­տա­գորշ աչ­քը թար­թե­լով։

Մէկ կող­մը քրիս­տո­նեայ, միւս կող­մը մահ­մե­տական ըն­տա­նիք մը, թէ՛ քիւրտ թէ՛ հայ ծա­գումնա­բանու­թիւն մը, ահա՛ ձե­զի փաս­տա­թուղթ-մարդ, մարդ-փաս­տա­թուղթ Թուրքիոյ պատ­մութիւն մը։ Ծա­գու­մով լի­ճէցի էր։ Լի­ճէցի­ները իրենց քա­ջու­թեամբ, ըմ­բոստու­թեամբ, ուղղամ­տութեամբ, քիչ մըն ալ խեն­թութեամբ պար­ծե­նալ կը սի­րեն, ինչպէս նաեւ իրենց լո­լիկ­նե­րով ու բեր­րի հո­ղերէն բխած բո­լոր այդ հա­մեղ պտուղնե­րով։ Հե­րետան­ցի Ալիի, մա­կանու­նով Ատամ­նա­բոյժ Սար­գի­սի որ­դիին՝ «Ըսէ՛ տես­նեմ, Մար­կոս, որ­տե­ղի՞ց ես» հարցնե­լու եռան­դո­վը կ՚ըսէր թէ լի­ճէցի է։ Սուրբ Կի­րակո­սը վե­րանո­րոգո­ւելէ ու պաշ­տա­մունքին բա­ցուե­լէ ետք իր ամ­բողջ կեան­քին կեդ­րո­նը Աս­տուծոյ տու­նը եղաւ։ Անոր ամէն գոր­ծին վա­զեց։ Ապ­տուլլահ Տե­միր­պա­շի Սուր թա­ղամա­սի քա­ղաքա­պետու­թեան շրջա­նին բա­ցուած հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքին, իր պէս հա­յու­թիւնը թաքցնե­լով ապ­րե­լու ստի­պուած, վախ­նա­լով իսկ արե­ւուն տակ իրենց տե­ղը գրա­ւել սկսած սու­րի մնա­ցորդնե­րուն հետ ուխտի եր­թա­լու պէս հե­տեւե­ցաւ։ Հա­յերէ­նը իր զէմ­զէ­մի ջու­րը եղաւ, զայն ումպ-ումպ խմեց։ Սուրբ աւան­դի մը պէս հո­գիին մէջ տա­ռերն ու բա­ռերը քան­դա­կեց, իւ­րա­քան­չիւրը համ­բուրե­լով ճա­կատին դրաւ, յե­տոյ ալ մա­քուր, ճեր­մակ կտո­րի մը մէջ փաթ­թե­լով սրտին վրայ պա­հեց։

Ով­քե՜ր, ով­քեր գա­ցին

Մարդ արա­րածը մո­ռացու­թե­նէն տա­ռապող է, մո­ռացու­թիւննե­րու ամե­նամեծն ալ մա­հը մոռ­նալն է։ Ես ալ Ար­մէն աղ­բայրի­կին միշտ Տի­յար­պէ­քիր ըլ­լա­լուն, մեզ սպա­սելուն, մեզ միշտ տես­նե­լուն սխալ հա­մոզու­մին մատ­նո­ւած էի։ Չէի գի­տակ­ցած իր բա­ցակա­յու­թեան։ Տօ­ներու առ­թիւ կը հե­ռաձայ­նէր, մեր վի­ճակը կը հարցնե­էր։ Եթէ զբա­ղած եմ եւ չեմ պա­տաս­խա­նած՝ հա­ղոր­դագրու­թիւն կը ղրկէր։ Եր­բեք դառ­նութիւն չէր ու­նե­նար։ Կը հա­մակեր­պէր մեր քմա­հաճոյքնե­րուն։ Կը կար­ծէի թէ եթէ հե­ռաձայ­նեմ իս­կոյն պի­տի պա­տաս­խա­նէ։ Եթէ եր­թամ միշտ քովս պի­տի գայ, բան մը պէտք ու­նե­նամ ան­մի­ջապէս պի­տի վա­զէ։ Մո­ռացու­թեան մեծ մա­սը ամ­բարտա­ւանու­թիւն է։ Ահա հի­մա զինք կորսնցնե­լով կը հասկնամ ասի­կա։ Տի­յար­պէ­քիրէն ով­քե՛ր ով­քեր գնաց էին, ան ալ պի­տի չեր­թա՞ր։ Միայն սա վեր­ջին տա­րինե­րուն Ան­դօ քե­ռին գնաց։ Պայ­ծառ Պա­ճօն գնաց։ Սա­մի Հա­զին­սես, կեղ­ծա­նու­նով Սա­մուէլ Ու­լուչը գնաց։ Հե­րետան­ցի վար­պետս Մկրտիչ Մար­կո­սեանը գնաց։ Ար­մէ­նը պի­տի մնա՞ր։ Ո՛չ, ան ալ գնաց։

Ար­մէն Ապ­տուրրա­հիմն ալ գնաց ան­շուշտ, բայց լսե­ցի որ այ­սօր ծնած տե­ղը՝ Լի­ճէի մէջ, մահ­մե­տական սո­վորու­թեամբ պի­տի թա­ղուի։ Մահ­մե­տական Ապ­տուրրա­հիմ Զօ­րարսլան ծնաւ, քրիս­տո­նեայ Ար­մէն Տե­միր­ճեան ապ­րե­ցաւ, քրիս­տո­նեայ Ար­մէն Տե­միր­ճեան մե­ռաւ, մահ­մե­տական Ապ­տուրրա­հիմ Զօ­րարսլան կը թա­ղուի Ապ­տուրրա­հիմ Ար­մէն Զօ­րարսլան Տե­միր­ճեան։ Մեք­սի­կացի չէ, լի­ճէցի։ Լի­ճէի, Տիար­պէ­քիրի վեհ, դի­մաց­կուն, հա­ւատա­րիմ զա­ւակը, այդ փոք­րիկ մար­մի­նին մէջ այս երկրին կուրցած-կա­պուած ցա­ւերը թէ՛ վէրք, թէ՛ դար­ման ըլ­լա­լով կրեց։ Սիր­տը այ­լեւս չդի­մանա­լուն գա­ցած «էն­դի դէմ»-ը՝ ան­դե­նակա­նը, կը մաղ­թեմ, այստե­ղինէն աւե­լի ար­դար, աւե­լի խա­ղաղ տեղ մը ըլ­լայ։ Ուր եր­կու կրօն­քի ու եր­կու անու­նի մի­ջեւ ո՛չ առանց նա­մազի, ո՛չ ալ առանց խա­չի մնա­ցած է, սրտէն ան­ցած լե­զուով սրտէն ան­ցա­ծին պէս աղօ­թելու ու եր­գե­լու։ Այ­լեւս քիչ մըն ալ իր ան­ձին հանգչե­լու։ Իր կրօնքնե­րով, իր լե­զու­նե­րով հանգչելու։

https://www.agos.com.tr/am/news/fillei-hrajyshdi-42554

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ