ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն
Մեր պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն` անցեալին, այսօր եւ վաղը, իրենց կարեւորութիւնը կը պահպանեն այն արժէքները, որոնց մասին գրած ու բարձրաձայնած է հայ գրականութեան մեծերէն Զարեհ Խրախունին: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային Միութեան համար անոր ծննդեան հարիւրամեակին նշումը պարտքի եւ պարտականութեան գիտակցութենէն բխող նախաձեռնութիւն մըն էր:
Այսօր կը խօսինք գրողի մը մասին, որ պոլսահայ գրականութեան բերաւ նոր մօտեցում եւ աշխարհընկալում, իր ստեղծագործութեամբ կամրջեց հայ գրականութեան երկու ճիւղերուն աւանդութիւնները եւ դարձաւ անոնց արժանաւոր շարունակողը` միաժամանակ պահպանելով իր ինքնատիպ գրական դիմագիծը:
Խրախունիի բանաստեղծութեան գրեթէ ամբողջ տարածքին ներկայ է հայ ոգիին պաշտամունքը: Անոր համոզումով, ոգին կրնայ նորանոր հորիզոններու հասնիլ, երբ միտքը ազատ է եւ անկաշկանդ: Ազատութեան ձգտումը աստիճանաբար կը ծաւալի իր բանաստեղծական խօսքին մէջ` ստանալով նոր արտայայտութիւններ եւ իմաստային խորութիւն: Այս առումով, Խրախունիի ազատերգութիւնը նոր էջ մը բացաւ հայ բանաստեղծութեան մէջ:
Ահաւասիկ` «Այս ծառը սուրբ» բանաստեղծութիւնը, որ մեզի կը փոխանցէ հայ ժողովուրդի անմահութեան ոգին.
«Օ՜, տնկեցէք, ամուր ձեռքով խնամեցեք,
Զարդարեցէք, պաշտպանեցէք, պաշտեցէք,
Ազատութեան ծառն է այս»:
Խրախունի իր գրականութեամբ յաջողեցաւ արտայայտել ոչ միայն իր ծննդավայրին մէջ տիրող մթնոլորտն ու մտայնութիւնները, այլեւ` մարդուն աշխարհընկալումը, որուն մէջ կը ձեւաւորուէր ապագայի տեսլականը: Դժուար է պատկերացնել պոլսահայ մտաւորականներու, յատկապէս գրողներու հոգեվիճակը այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ անհրաժեշտ էր պայքարիլ հայ մնալու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ, մանաւանդ, մայրենի լեզուն ու մշակոյթը ապրեցնելու համար:
«Զգուշ որդի-չըլլայ որ
Երբ լեռն ի վեր բարձրանաք
Պատկառանքը ձգէք ձեռքէ, յարգանքի մէջ թերանաք
Խօսիք խնդաք պոռաք կանչէք բարձրաձայն
Ու խանգարէք անոր քունը դարաւոր…»
Պոլսահայ գրականութիւնը ազգային ինքնաճանաչման ճանապարհին դարձաւ փրկարար ուժ մը: Զարեհ Խրախունին իր բանաստեղծութեամբ յստակօրէն արտայայտեց իբրեւ ազգ գոյատեւելու եւ ազգային շարունակականութեան գիտակցութիւնը արթուն պահելու բնազդը:
Ան այն սակաւաթիւ գրողներէն էր, որոնք իրականութիւնն ու երեւակայական աշխարհը այնպիսի ներդաշնակութեամբ կը միահիւսէին, որ ընթերցողին առջեւ կը բացուէր ամբողջական եւ գեղարուեստականօրէն յղացուած պատկեր մը:
Գրականագիտութեան գնահատումով, Խրախունիի բանաստեղծութիւնը նոր որակ եւ մտածողութիւն բերաւ հայ գրականութեան: Խորհրդապաշտութիւնը, որ յատկանշական է անոր ստեղծագործութեան, գրականութեան մէջ նոր հոսանք մը չէր: Անիկա իր արտայայտութիւնը գտած էր նաեւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան եւ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, մասնաւորաբար` Զահրատի ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն: Սակայն Խրախունին իր գրչակիցներուն կրկնութիւնը չեղաւ: Ան շարունակեց անոնց ստեղծագործական աւանդութիւնները` զանոնք հարստացնելով սեփական մտածողութեամբ եւ գեղարուեստական ինքնատիպ արտայայտութեամբ:
Այս առումով ուշագրաւ է «Նախերգանք» բանաստեղծութիւնը.
«Ինչպէս գրկեմ քեզ, որ գերիս չըլլաս,
Ինչպէս կրեմ քեզ, որ իմ խաչս ըլլաս,
Ինչպէս գրեմ քեզ, որ ձօն չդառնաս,
Ինչպէս գովեմ քեզ, որ քայլերգ դառնաս…»
Վարուժանի խորհրդապաշտական աւանդութիւնը շարունակող Խրախունին հանդէս կու գայ միանգամայն ինքնուրոյն մեկնաբանութեամբ: Եթէ Դանիէլ Վարուժան անձնական ապրումներէն կ՛առաջնորդուէր դէպի համամարդկայինը, Խրախունին կը ձգտէր ընդհանրացնելու անանձնական ապրումները` զանոնք վերածելով հաւաքական զգացողութեան եւ մտածողութեան:
Այս մօտեցումին լաւագոյն օրինակներէն է անոր «Մեսրոպատօն» գիրքը, որ հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքին եւ ազգային ինքնութեան գեղարուեստական մարմնաւորումն է:
Խրախունիի համար հայոց գիրերը նոր սկիզբի, ազգային հզօրացման եւ ժողովուրդի յարատեւութեան խորհրդանիշն են: Անոնց մէջ բանաստեղծը կը տեսնէ հայ միտքին ստեղծագործական ուժը, որ դարերու ընթացքին պահպանած է մեր ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային գոյութիւնը:
«Պիտի դառնար Հայուն պարծանքն համաշխարհի
Կշռադատող աչքին դէմ
Պիտի երգէր տաճարին մէջ աղօթաձայն, պիտի գոռար
Դաշտին վրայ հերոսական գուպարի
Պիտի ըլլար Հայկեան միտքը բոցաշնչող ու դարէ դար
Արծարծ պահող ջահը վառ…»
Այս ստեղծագործութիւնը կարելի է զուգադրել Եղիշէ Չարենցի «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուին հետ, ուր նոյնպէս գեղարուեստական արտայայտութիւն կը գտնէ հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքը: Երկու պարագաներուն ալ ազգային անցեալը կը ներկայանայ իբրեւ ներկան իմաստաւորող եւ ապագային ուղղութիւն տուող հոգեւոր ժառանգութիւն:
Զարեհ Խրախունին հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց` որպէս ազգային եւ գրական աւանդութիւնները իրարու կապող, զանոնք նոր մտածողութեամբ հարստացնող եւ արժանաւորապէս շարունակող բանաստեղծ:
Ամփոփելով` կրնանք վստահօրէն ըսել, որ պոլսահայ գրականութիւնը եղաւ եւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ հայութեան հոգիին թարգմանն ու բալասանը:
* Խօսք` արտասանուած Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply