Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողով ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի մէջ

•

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կենդրոնակայանին մէջ կայացաւ անուանի հայագէտ, լեզուաբան եւ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողով` «Կեանքը գիտութիւն. Հրաչեայ Աճառեան» խորագրով: Գիտաժողովին ներկայ գտնուեցան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեանը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հայագիտութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացող գիտնականներ եւ ուսանողներ:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հաղորդումով, գիտաժողովը նուիրուած էր Աճառեանի գիտական ժառանգութեան արժեւորման եւ հայ լեզուաբանութեան զարգացման գործին նշանակալի աւանդին: Աճառեանի ուսումնասիրութիւնները հայոց լեզուի ծագման, պատմութեան, բարբառներու եւ այլ լեզուներու հետ առնչութեան կարեւոր ներդրում ունեցած են ո՛չ միայն հայագիտութեան, այլեւ` լեզուաբանական համաշխարհային գիտութեան մէջ:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի նախաձեռնութեամբ:

Նախօրէին տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան հրապարակի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած «Հրապարակը եւ ժամանակը. անցեալից ապագայ» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը:

Ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի եւ Վահագն Հայրապետեան թրիոյի միացեալ համերգով:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր խորհրդաժողովի 43-րդ նստաշրջանին որոշուած էր հայ ականաւոր լեզուաբան, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953 թ.) ծննդեան 150-ամեակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի շինարարութեան մեկնարկի (1927 թ.) 100-ամեակը ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ