Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան ընթացքը հասկնալու համար պէտք է երթալ 2009, երբ Պաքուի ճնշումով Թուրքիա ձախողեցուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Թրքական T24 կայքի սիւնակագիր Պարչըն Ինանչ այսպէս սկսած է իր յօդուածը:
Հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ 2009ին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը յաջողութեամբ ձախողեցնելէ ետք, Ատրպէյճան ձեռնամուխ եղած է Թուրքիոյ մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերելու գործին՝ դառնալով Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ ներդրում կատարող երկիրներէն մէկը, ընդհուպ մինչեւ լրատուական ալիքի ձեռքբերում:
Անդրադառնալով Սեպտեմբեր 21ին Ատրպէյճանի դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու արգելքէն ետք տեղի ունեցած յայտնի զարգացումներուն, կը նշուի, որ, թէեւ Անգարան զիջումներ կը կատարէ, պաշտօնէ կ՛արձակէ խորհրդական մը, ձերբակալութիւններ կատարելով հակաատրպէյճանական գրառումներ ընողներու շրջանին մէջ, բայց եւ այնպէս Ալիեւ աւելիով կը սրէ իրավիճակը:
«Ալիեւ նոյն ձեւով առանց դադարի կը սրէր իրավիճակը թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ֆրանսայի հետ լարուածութիւններու ժամանակ», կը նշուի գրութեան մէջ:
Ըստ T24ի, Թուրքիան պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճան 2020ի Ղարաբաղի պատերազմին յաղթանակէն ետք Թուրքիոյ համար այլեւս «պզտիկ եղբայր» չէ, այլ առանձին արտաքին քաղաքական գործօն:
Անդրադառնալով հայ-թրքական սահմանի բացման հարցին, հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան այս լարուածութեան ծիրին մէջ Թուրքիա պիտի չնախաձեռնէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման, որովհետեւ ատիկա աւելիով պիտի սաստկացնէ լարուածութիւնը եւ պիտի ստիպէ Ատրպէյճանը աւելի խստացնել Հայաստանի նկատմամբ իր կեցուածքն ու պիտի ձգձգէ տարածաշրջանային կարեւոր ծրագիրները:




Leave a Reply