ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Խոստովանիլ է պէտք, որ այս բացառիկ գիրքի ընթերցումէն ետք շատ խոր ափսոսանք մը ապրեցայ, տեսակ մը` ներքին ցաւ մը, որովհետեւ օրին, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, մեր ուշադրութենէն վրիպած ըլլալով`չէի կարդացած հատորը ու ընտելացած` այս եզակի հատորէն ճառագայթող իմաստութեան, պատգամին եւ անժամանցելի յուշագրական արժէքին:
Այո՛, իմաստութիւն, արհաւիրքի օրեր ապրելով հանդերձ, բուռ մը հայութիւն, որ տակաւին կը շնչէր ու կ՛ապրէր, նոյնինքն մարդակեր թուրքի որջին մէջ, քաջութիւն կ՛ունենայ տոկալու, պահելու ինքնութիւնն ու տեսակը, աւելի՛ն, ցոյց տալով այնպիսի յանդգնութիւն,` պարզապէս փրկելու հայ որբուկներ, որոնք դաժանաբար կը խլուէին իրենց ծնողներէն, հայրենի քաղաքներէն, գիւղերէն, գաւառներէն եւ կը յանձնուէին թուրք ընտանիքներու` զանոնք կամաց-կամաց թրքացնելու համար:
Հատորի ուժեղ պատգա՞մը. սոսկ յուշագրութիւնը չէ, որքան` անոր պատումին իրական բովանդակութիւնը, կերպարներու իսկական գոյութիւնը, հարազատութիւնը: Փաստօրէն ցեղասպանութեան ապրած ու տակաւին եաթաղանի սպառնալիքը իրենց գլխուն, հայ օրիորդներ, որբեւայրի կիներ, ձկնորսներ, նոյնիսկ օտար հայասէր նուիրեալներ ամէն միջոցի կը դիմեն թուրք ոճրագործի բոյնին`Պոլսոյ մէջ իսկ կատարել այնպիսի մեծ աշխատանք` թիկունք կանգնելու մնացորդացին, զիրար օգնելու եւ թրքացումէ ազատելու հարիւրաւոր որբուկներ, որոնք այդ փոքր տարիքին, տեսնելով թուրք ցեղասպանի դիմագիծն ու հարազատներու խողխողումը, այս անգամ պիտի ապրէին թրքանալու սպառնալիքը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հատորի յուշագրականի յատկութեան, արժէքին ու պարփակած խորհուրդին, անիկա գերազանց լուռ պոռթկումն մըն է, սեփական մորթի վրայ ապրուած տառապանքի խորութիւն, գլխագիր ճիչ մըն է մոռացութեան չտալու հաւաքական արհաւիրք մը, սրբազան կանչ մըն է ազգային յիշողութիւնը բոցավառ պահելու, բայց մանաւանդ` իմանալու եւ մօտէն ճանչնալու ազգի մէկ հատուածին գործած քաջասրտութիւնը, այրիացած մայրերու անկրկնելի համարձակութիւնը, որբեր փրկելու` ի գին մեծ զոհողութեան եւ նիւթական աջակցութեան:
Ինչպէ՞ս կարելի է մտահան ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, երբ հայ կիներ ու օրիորդներ, յանձն առնելով ամէն զոհողութիւն, Պոլսոյ մէջ, ցոյց կու տան ընդյատակեայ աշխատանքի ամենավառ ու վաւերական օրինակ` ուղղակի զարմանք պատճառելով իրենց շրջապատին ու յետնորդ սերունդներու:
Ըստ իս, հեղինակը երկու ողբերգութիւն ապրած է, մէկը`իր սեփական աչքերով եւ նեարդով ապրած ըլլալը իր ժողովուրդի տառապանքը, միւսը` այս յուշագրութիւնը գրի առնելու ատեն: Ան աւելի քան յաջողած է իր այս սրբազան առաքելութեան մէջ, պարզապէս որովհետեւ իր ներքին ամրութեան եւ շրջապատի հզօր աջակցութեան շնորհիւ` սպիտակ թուղթին յանձնած է սեւ օրերու իրադարձութիւնն ու ապագայի իր յանձնառութիւնը` արարատասիրութիւնն ու հայրենիքի ծառայութեան ոգին:
Հեղինակը` Պերճուհի Բարսեղեան, ճիշդ է, որ ինքնակենսագրութեան ճամբով վերակենդանացուցած է սեփական կեանքի մը ամբողջ տառապանքը, այդուհանդերձ, ան կրցած է անձնականը ագուցել հաւաքական կեանքին ու ներկայացնել պատում մը, որ յիշողութեան գանձեր կը պարունակէ` լեզուական պարզութեամբ յագեցած, իրական պատկերներու եւ տիպարներու գեղեցկութեամբ լիացած:
Փաստօրէն Պերճուհի, հատորին մէջ` Սոնան, թէեւ մեծահարուստի զաւակ ու Ժընեւի կեանքը տեսած ու ապրած, կը սիրահարի յեղափոխական երիտասարդի մը, որ, իր կարգին, Ժընեւ գտնուելով` կը կատարէր քարոզչութիւն` յանուն ազգային ինքնագիտակցութեան ջրդեղումին եւ արեւմտահայութեան օգնութիւն հասցնելու հրամայական պահանջին: Պերճուհի կը հմայուի Վանայ Սարգիսի (Շամիլ) տուած դասախօսութիւններով ու կը սիրահարի անկրկնելի յեղափոխականին:
Արդար է ընդգծել, որ հատորը ինքնակենսագրութիւն մը ըլալով հանդերձ, ան կը բովանդակէ ազգի մը ճակատագրին մէկ հարազատ ժամանակամիջոցը, ուր, այսպէս, հեղինակը յիշողութիւնը կը բարձրացնէ գրականութեան հարթակին, թէեւ պարզ պատումի ընդմէջէն, սակայն` բովանդակալից դիպաշարերու առկայութեամբ, որոնք զիրար կը յաջորդեն, պահ մը կ՛ապշեցնեն ընթերցողը` ի տես պատահածին եւ նկարագրուած իրականութեան:
Ու այդ իրական կեանքի պատումին կենդանութիւն տալու հեղինակին հզօր կարողութիւնը հատորին պարգեւած է գեղարուեստական շունչ, ուր կը տողանցեն` տուեալ ժամանակին մէջ ապրած հայութեան մէկ մասնիկին կենցաղային առօրեան, մտածելակերպը, գործածած բառամթերքն ու հայաբոյր գործունէութիւնը:
Հատորի կիզակէտին է 24 ապրիլ 1915 թուականը, հայ յեղափոխականներու, մտաւորականներու թէ ազգային գործիչներու ձերբակալութիւնը: Շատերու հետ կը ձերբակալուի Վանայ Սարգիս, որուն հանդէպ Սոնայի ունեցած սէրը իսկապէս որ եզակի հնչեղութիւն ունի: Սէր, որուն արգասիքը նորածին երեխան է, ապագայի Արմէն Բարսեղեանը, որ շնորհիւ մօր քաջասրտութեան` կը փրկուի եւ կ՛ապաստանի նախ Հայաստան, ապա`Փարիզ, ու տարիներ ետք ֆրանսերէնի կը թարգմանէ մօր յուշագրութիւնը:
Յատկանշական է Սոնայի` ամուսնոյն հանդէպ տածած սիրոյ մեծութիւնը:
Ան ամէն միջոցի կը դիմէ հասնելու ձերբակալուած ամուսինին ու կը մտածէ յանձն առնել ամէն զոհողութիւն` ըլլալու անոր կողքին, թէկուզ` աքսորավայրի մէջ:
Հեղինակը` Պերճուհին, երբ կը ծանօթանայ ընդյատակեայ աշխատանքի մէջ եղող բազում հայուհիներու, կը զարմանայ անոնց ցուցաբերած քաջութեամբ եւ տարուած աշխատանքին տարողութեամբ:
Ան բացառիկ արժեւորումով կը ներկայացնէ հայ օրիորդներու թէ կիներու յեղափոխական աշխատանքը, երբ անոնք արխիւ, զէնք ու յեղափոխական տղաք կը փոխադրեն մէկ շրջանէն միւսը` թուրք գաղտնի ոստիկաններու հսկողութեան տակ:
Յայտնապէս, հատորի ամբողջ տարածքին լուռ կ՛արձագանգեն նուիրեալ հայուհիներու` Զառոյի, Հոռոփի, Սիրարփիի ու շա՜տ շատերու գործունէութիւնը, որոնց ստեղծած ընդյատակեայ ցանցին շնորհիւ` որբեր ու յեղափոխականներ կրցան ապահով ապաստան գտնել ու հեռանալ Պոլիսէն:
Ինչպէ՛ս չզարմանալ` ի տես անոնց կարողութեան, ցուցաբերած աստուածային համբերութեան, թուրքերու բնակարաններ թափանցելու եւ որբուկներ յայտնաբերելու կորովին ու կարճ ժամանակի մէջ փրկարար ծրագիրներու գործադրութեամբ:
Ընթերցողը կրնայ հարցադրել, թէ հեղինակը ինչո՞ւ զարմանքի տարաբնոյթ շերտեր ներկայացուցած է հատորին մէջ:
Առաջին հերթին`զարմանք, թէ ինչպէ՛ս իր գաղափարապաշտ, նուիրեալ, գիտութեամբ զինուած, գրեթէ կուսակրօն, գաղափարի մարտիկ, դաստիարակ ու մեծ հայրենասէր ամուսինը`Վանայ Սարգիս, հաւատացած է երիտթուրքերու տուած խոստումին եւ մինչեւ վերջ ալ պաշտպանած է իր տեսակէտը:
Զարմանք`ի տես իր ամուսնոյն մեծահոգի, քաջ ու գաղափարապաշտի կեցուածքին, երբ անոր Գոնիա գտնուող ընկերները կը յաջողին կաշառել Այաշի բանտապահը` զինք ազատելու համար, բայց ամուսինը կտրուկ մերժեր էր հեռանալ` ընկերները բանտին մէջ ձգելով:
Զարմանք` հայ իրականութեան մէջ գործող տարբեր ներկայացուցիչներու ունեցած քաղաքական միամտութեան, թէ արիւնառուշտ թուրքը կրնայ փոխած ըլլալ իր կենցաղակերպը:
Զարմանք` հայ մեծահարուստի մտքի խեղճութեան եւ ինքնասիրութեան, երբ ան աղջկան հանդէպ տածած սիրոյն համար կը դաւաճանէ իր ազգակիցին, ու քիչ ետք կը զղջայ ու կը փորձէ փրկել հայ երիտասարդը:
Զարմանք` Սամաթիոյ շրջանին մէջ ապրող հայ որսորդներու ունեցած փրկարար աշխատանքին համար, երբ անոնք կը պատսպարէին յեղափոխականներ ու կը պաշտպանէին հայ խլեակներ, եւ այս բոլորը` Ցեղասպանութեան օրերուն:
Զարմանք`օտարերկրացի հայասէրներու ցոյց տուած քաջութեան վրայ:
Պէտք է ընդգծել, որ «Խանձուած օրերը» ոստիկանական բնոյթի հատոր մը չէ, ոչ ալ` արկածախնդրութեան մը պատումը, որ պահ մը կը խանդավառէ ընթերցողը ու ապա մոռացութեան տայ զայն:
Պերճուհի Բարսեղեանի այս հատորը պատմավէպի տարրեր ունենալով հանդերձ, ազգային յիշողութիւնը արմատաւորելու եւ ազգասիրութիւնը բոցավառելու հզօր ստեղծագործութիւն մըն է, մարդկային ամենաազնիւ ապրումներու, յոյզերու եւ զգացումներու շտեմարան մը, ուր հայը իր գաղափարապաշտի մեծութեամբ ներկայ է, իսկ հայութիւնը իր ճակատագրի դառնութեամբ կը տողանցէ հատորի տարածքին:
Փաստօրէն, հատորի վերջին բաժինը` Արարատին նուիրուած իր քանի մը էջանի մտորումներով, հեղինակը կը խտացնէ հայու հաւաքական տառապանքի, ցաւի, հոգեխոցի ու անասելի չարչարանքիներու ամբողջ իրականութիւնը` այս եզակի լերան խորհուրդին ու բնութեան հրաշալիքին մէջ հայութեան գոյապայքարի իմաստն ու արժեւորումը կատարելով:
Պերճուհի տառապալից կեանքէ ետք կը տեսնէ անկախացած Հայաստանը ու կը դառնայ խորհրդարանի անդամ, հպարտութեամբ կը յիշէ` 28 մայիսին նուիրուած հայոց բանակին տողանցքը, պետութեան կերտումն ու ֆետայական պայքարի ու զոհողութիւններու արգասիքը:
Աւարտին,
Զարմանալին ան է, որ տակաւին այս հատորը չէ արժանացած բացառիկ ու բացարձակ ընդունելութեան սեփական ազգի կողմէ` զայն արժանին դարձնելով թատերական ներկայացումներու, շարժապատկերի աշխարհի մակարդակին հասցնելու, աւելի՛ն. համամարդկային գրական-գեղարուեստական հարթակներու վրայ ներկայացնելու:
Շնորհակալութեան խօսք`
Վաստակաւոր գրող, մտաւորական ու այս գիրքի ջանադիր խմբագիր Յակոբ Պալեանին, որուն հոգեբորբ խանդավառութիւնը զգալի է`այս հատորի լոյս աշխարհ գալուն:
Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան, որ 2016-ին գոհունակ սրտով եւ յանձնառութեան զգացումով տպած է այս եզակի հատորը:
Համազգայինի գրասէր մեկենասներուն, որոնց բիւրեղ հաւատքին արգասիքն է գեղատիպ այս գիրքը:
Անն Բարսեղեանին` Պերճուհիի թոռան, որ թիկունք է կանգնած ու մղած, որ Սարգիս, Պերճուհի եւ Արմէն Բարսեղեաններու յիշատակը վառ մնայ հատորի լոյս ընծայումով:




Leave a Reply