Մալաթիոյ բանախօսութեան խորագիրը ճշտուած էր «Համակեցութեան փիլիսոփայութիւնը եւ բարոյականութիւնը» ըլլալով։ Տեղին ընտրուած խորագիր մըն էր այս, քանի որ շատեր կը խօսէին երբեմնի բազմազգի եւ բազմամշակոյթ քաղաքի այսօր մատնուած ամայութեան մասին։ Համարեա բոլորը կ՚անդրադառնային այդ ամայութեան եւ այս ցամաքած երեւոյթը կը մեկնաբանէին քրիստոնէից բացակայութիւնով։
Ընդհանուր համոզում է թէ անհետացած է երբեմնի առատութիւնը, ճիշդ անոր համար թէ վերացած է քաղաքի աշխատունակ ջիղը՝ իր տեղը թողելով պատեհապաշտ մերձեցումներու։
Դարձեալ այրերէ բաղկացող բազմութեան մը մասնակցութիւնով ընթացող հանդիպման ժողովավարն էր բժիշկ Ալի Չաքըր։ ան միաժամանակ կը պաշտօնավարէ պետական հիւանդանոցի մէջ, իբրեւ ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ։ Առաջին հերթին ոմանք կասկածով կը մօտենային անոր ժողովավարութեան։ Մտահոգութիւն կար թէ ժողովավարը զրոյցի ընթացքը կրնայ շեղել։ Այդպէս չեղաւ եւ ատենախօսը յստակ տողերով նկարագրեց բազմատարր հասարակութեան կարողութիւնները, որոնք համաձայնութիւն գտան շուրջ 40 հոգիէ բաղկացող լսարանի կողմէ։
https://www.agos.com.tr/am/news/hamagytsvwtyan-garylivwtyan-masin-42320




Leave a Reply