Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դաշնակից, խորհրդարանական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութիւնը աւելի խոր է, քան քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
«Մեր եղբայրութիւնը ամրապնդուած է երկու ժողովուրդներու կամքով, կոփուած է միացեալ պայքարի մէջ եւ փոխանցուած սերունդէ սերունդ», «Էյ.Փի.Էյ.»ի համաձայն՝ յայտնեց Պահչելին` ընդգծելով, որ պէտք չէ թոյլ տան, որ տարակարծութիւնները վերածուին երկարատեւ պառակտումի:
Պահչելիի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վերջին շրջանին ծագած տարակարծութիւններու լոյսին տակ: Անոնցմէ մէկը կապուած է Ատրպէյճանի դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու սահմանափակումներուն: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որոշումը քննադատած էին նաեւ թուրք պաշտօնեաները, որոնց Պաքուն արձագանգեց՝ անոնց յայտարարութիւնները նկատելով միջամտութիւն իր ներքին գործերուն:
Օրեր առաջ Էրտողան աշխատանքէ արձակեց իր գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալին, որ իր կարգին քննադատած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւնները: Middle East Eye-ի տեղեկութիւններով` Թուրքիոյ նախագահը այդ քայլին դիմած է՝ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով:




Leave a Reply