Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը 21 հոկտեմբերին խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ներկայացուց «Թրամփի ուղի» նախագիծը, նաեւ պատասխանելով այս մասին հարցումներու։
Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութեան կարգավիճակին, Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող ռազմագերիներու պարագային եւ այլ հարցերու։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Սիւնիքի մէջ կառուցուելիք «Թրամփի ուղի»ով անցնող քաղաքացիները առաջին հերթին արդեօք հայ սահմանապահներուն ու մաքսաւորներո՞ւն պիտի հանդիպին՝ Միրզոյեան ըսաւ, որ՝ «կարող է ընդհանրապէս չհանդիպեն»: Ըստ անոր՝ հաւանական է, որ ելեկտրոնային, նոր արհեստագիտական միջոցներով կատարուի անցումը, իսկ եթէ միջամտութեան կարիք ըլլայ, այն ատեն կը դիմուի սահմանապահներուն։
Ան նաեւ նշեց, որ սեփական ընկերութեան պատուիրակուող «Թրամփի ուղի»ը «կարող է ունենալ իր առանձին անվտանգային ստորաբաժանումը, բայց պէտք է արտօնագրուած լինեն Հայաստանի Հանրապետութիւնում, այնպէս, ինչպէս մասնաւոր բազմաթիւ ընկերութիւնների դէպքում, այսօր էլ կայ»:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան այս մէկը նկատեց ատրպէյճանական պահանջի կատարում՝ յիշեցնելով նախագահ Ալիեւի կողմէ ամիսներ առաջ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ ատրպէյճանցիները պէտք չէ հայ սահմանապահի երես տեսնեն «Թրամփի ուղի»ով անցնելու ատեն։
«Քանի ատրպէյճանցիներ չեն ուզում հայ տեսնեն Հայաստանում, դէ ուրեմն կը տեսնեն երրորդ երկրի ներկայացուցիչ: Դա մեր ինքնիշխանութիւնը զիջելու էլի մի պահանջ է: Պատկերացրէ՛ք` դուք յանկարծ իջնում էք Պաքուի օդանաւակայան եւ ասում էք` գիտե՞ս, այս ատրպէյճանցուն չեմ ուզում տեսնել, ինձ բերէ՛ք, օրինակ, ֆիլիպինցի», ըսաւ Խաչատրեան` ընդգծելով, որ «Թրամփի ուղի»ի անցման պայմաններուն շուրջ «հարցականները չափազանց շատ են»:
Լրագրող մը դիտել տուաւ, թէ Հայաստան պարտաւոր է «Թրամփի ուղի»ով անխոչընդոտ անցում տրամադրել Ատրպէյճանին դէպի Նախիջեւան՝ Հայաստանի համար փոխադարձ առաւելութիւններով: Ան հարցուց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «փոխադարձ առաւելութիւնը», արդեօք հայաստանցիները Ատրպէյճանի տարածքով ճիշդ նոյն պայմաններով անցման կարելիութիւն պիտի ունենա՞ն։ Միրզոյեան ըսաւ, որ այդ հարցը տակաւին չէ յստակացած, բայց եւ այնպէս ան նշեց, թէ «անցեալից եկող այդ զգայուն բեռը» նուազած է, ուստի, ըստ նախարարին, աւելի դրական տրամադրութիւններ կան ընդհանրապէս, թէեւ այդ մէկը Պաքուի կողմէ այդքան ալ յստակ չէ։
«Բայց այն տեմպերով (կշռոյթով), որ առաջ ենք գնացել մենք խաղաղութեան հաստատման, երկկողմ առեւտրի, տրանզիտի (տարանցիկ) հարցերում եւ առաջ ենք գնում նաեւ հոգեբանական հարցերով, իմ տպաւորութեամբ գոնէ այդ տեմպը այս փաստաթղթից շատ աւելի արագ է զարգանում եւ, օրինակ, մտահոգութիւններ, որ մենք կամ Ատրպէյճանը կարող էինք ունենայինք 2.5 տարի առաջ, այսօր արդէն նոյնիսկ մեր յարգելի ընդդիմադիր գործընկերները այդ լրջութեամբ չեն բարձրացնում, մեծ սրութեամբ չեն բարձրացնում: Պատկերաւոր ասած` ջերմաստիճանն այս ծրագրի շուրջ իջնում է, հարցերն այդքան սուր չեն ընկալւում»։
Ուրեմն, ինչո՞ւ Հայաստանի քաղաքացիներուն Ատրպէյճանի տարածքով անցումը եւս չէ համաձայնեցուած հարցումին ի պատասխան՝ Միրզոյեան պաշտպանեց ատրպէյճանական կողմը. «Սա Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիր է, այստեղ չէր կարող լինել որեւէ բան, որը պարտաւորութիւն կը յայտնէր Ատրպէյճանին, բայց որը չի ստորագրում Ատրպէյճանը, դա ծաղր է»։
Հակառակ այս բոլորին, ան վստահեցուց, որ Հայաստան կը պահպանէ իր լիակատար ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը. «Անվտանգութիւն եւ իրաւապահ գործունէութիւն, սահմանային հսկողութիւն եւ սահմանային անվտանգութիւն, մաքսային եւ միգրացիոն (գաղթային) քաղաքականութիւն, հարկերի եւ տուրքերի փոխանցում պետպիւտճէ, պետական տեղեկատուական համակարգեր, պետական վարչարարութիւն եւ վերահսկողութիւն… Այս բոլորի նկատմամբ, յարգելի՛ գործընկերներ եւ յարգելի՛ քաղաքացիներ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահպանում էր լիակատար ինքնիշխանութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ նաեւ օր մը առաջ ԵԱՏՄի հրապարակած նոր զեկոյցին, ուր կը նշուի, որ ԵԱՏՄի անդամ 4 երկիրները կրնան քննարկել Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը։ Ան շեշտեց, ինչ որ նախապէս ալ ըսած էր, որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրները չեն կրնար Հայաստանը դուրս հանել միութենէն, բայց եւ այնպէս դիտել տուաւ, թէ զեկոյցը պիտի ուսումնասիրէ եւ համապատասխան արձագանգ պիտի կատարէ։ «Ցանկացած պարագայում անշուշտ մեր քաղաքացիների բարեկեցութիւնը, առեւտուրը, տնտեսական շահերը, մեր աւանդական կապերը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, ԵԱՏՄ միւս անդամների հետ մեզ համար կարեւոր են, բայց կայ մի բան, որ գերկարեւոր է եւ կարեւոր է ամէն ինչից, դա Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն է, անկախութիւնն է», յայտարարեց Միրզոյեան:
Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած են այն հետեւանքները, զորս պիտի կրէ Հայաստան ԵԱՏՄէն դուրս գալու պարագային։ Բայց եւ այնպէս, տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ կացութիւնը այդքան ալ մտահոգիչ չէ։ Ըստ անոր՝ նախարարութիւնը՝ Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծած է, իրենք ալ հետազօտութիւններ կատարած ու գնահատած են ԵԱՏՄէն դուրս գալու հնարաւոր վնասը, եւ կը կարծեն, թէ բացասական ազդեցութիւնը մեծ պիտի չըլլայ. «Զեկոյցում մի 50 տոկոս ամէն ինչ ուռճացուած է, էդ զեկոյցի թուերին մենք էլ ենք տիրապետում, մենք աւելի շուտ էինք արել»:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Խաչատրեանը, սակայն, այդքան ալ լաւատես չէ. «Նոյնիսկ եթէ 50 տոկոսով են հաշուարկներն իրական, ապա մեզ սպառնացող ապագան կարող է ապոկալիպտիկ (կործանիչ) լինել»:
Արարատ Միրզոյեան հակազդեց. «Ընդդիմադիրները դրա համար են ընդդիմադիր, որ անընդհատ ապոկալիպսիս գուշակենք, մենք դա արդէն քանի տարի է` լսում ենք: Անշուշտ, եթէ ռուսական կողմը որոշի գազի գինը բարձրացնել միակողմանի, չգիտեմ դա ինչքանով է արտացոլում մեր գործընկերային յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, բայց կը լինի իրավիճակ, կը հասկանանք»:
Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող գերիներուն մասին՝ նշելով, որ գերիները ազատ արձակելու հարցով երրորդ երկիրներուն դիմելու տարբերակը արդիւնաւէտ չէ. «Չի աշխատել դա: Ի՞նչ էք կարծում` հնարաւորութիւն կայ երրորդ երկրով հարցը լուծելու, եւ մենք չե՞նք անում: Ամենաշահագրգիռը մենք ենք: Երրորդ երկրներին դիմել ենք․ կա՛մ հրաժարուել են, կա՛մ իրենց ասել են [Պաքուն]` հեռու խաղացէք»:
Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց` «պահուող անձանց առկայութիւնը որեւէ կերպ չի նպաստում խաղաղութեանը, եթէ չասենք հակառակը»:
«Բոլորի ազատ արձակման մեր ջանքերը երբեք չեն դադարում: Ես ինչո՞ւ չեմ կարող երաշխաւորուած ու վստահ ասել` կը լինի, որովհետեւ դա մի բան է, որը մեզնից չի կախուած», աւելցուց ան։
Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ անկեղծօրէն չի հասկնար Ատրպէյճանի կողմէ հարցին լուծումը ձգձգելու շարժառիթները․ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոշակի հիմնաւորումներ են ներկայացնում, որոնք ինձ համար այդքան էլ հասկանալի չեն», յայտնեց ան։
Միրզոյեան նշեց նաեւ, որ Պաքուի մէջ պահուող հայերուն հասցէագրուած նամակները պէտք է հասնին հասցէատէրերուն: Ան այս հաստատումը կատարեց անդրադառնալով այն դիտարկումներուն, որ «Հայփոստ»ը կը մերժէ նամակները հասցնել գերիներուն։
Նախարարին հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի պահանջին՝ փոխելու Հայաստանի սահմանադրութիւնը։
«Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանին Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ չկայ… Ատրպէյճանը ոչ թէ պահանջում է, այլ հրապարակայնօրէն յայտարարում, որ իրենք կամք են դրսեւորել, նախաստորագրել են փաստաթուղթը, պարտաւորութիւն են ստանձնել, բայց խաղաղութեան պայմանագիրը չեն ստորագրի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Հայաստանը չի փոխել իր Մայր օրէնքը», ըսաւ Միրզոյեան՝ շեշտելով, որ պէտք է տարբերակել «պահանջ» եւ «նախապայման» բառերը:




Leave a Reply