Արարատի գագաթը նուաճած «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտին տպաւորութիւնները

•

ՆԱԹԷԼ ԷԶԱՃԵԱՆ

Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս հրաժեշտ տալ սարի  մը։
Մարդոց՝ գիտեմ։
Կը գրկես, կը համբուրես, կ՛ըսես՝ «զիրար կրկին կը տեսնենք, կը հանդիպինք»։
Բայց լերան մը ինչպէ՞ս կ’ըսես՝ «ցտեսութիւն»։
Ես փորձեցի։
Չկրցայ։

Զուարթնոց օդակայանին մէջ, երբ վերջին անգամ ըլլալով, ետ նայեցայ Արարատին, սկսայ հեծկլտալ:
Ոչ թէ այն գեղեցիկ, լուռ արցունքներով, որոնց պատմութիւններու մէջ կը հանդիպիս, կամ զանոնք  շարժապատկերներու մէջ կը դիտես։
Այլ՝ փոքր երեխայի մը պէս։

Այնպիսի յուզմունքով ու արտասուքով, որ չես կրնար կանգնեցնել. յանկարծ մարմինդ կ՛ըսէ այն ինչ որ բառերդ ամիսներով չկրցան ըսել։
Ես չէի ուզեր ձգել Մասիսը։
Գիտէի, որ պիտի ձգէի։
Բայց գիտնալը չդիւրացուց հրաժեշտ տալը:
Չդիւրացուց՝ մանաւանդ երբ ամբողջ կեանքդ սպասած ես այդ հանդիպման։
Երազած՝ ամբողջ կեանքս։

Եւ որքա՜ն տարօրինակ է ըսել «ամբողջ կեանքս», երբ տակաւին այնքան երիտասարդ եմ։
Բայց Մասիսը ինծի համար տարիք չունի։
Անիկա կար նախքան իմ ծնունդս։
Կար, երբ ես Լիբանանի մէջ դեռ փոքր աղջիկ մըն էի։
Կար, այն ժամանակ, երբ թուղթի մը վրայ երկու գագաթ կը գծէի` առանց գիտակցելու  թէ ինչու։
Կար, այն բոլոր անգամները, երբ Մասիսի անունը կը լսէի, առանց հասկնալու, թէ ինչո՞ւ այդ անունը մեր տան մէջ ուրիշ կշիռ ունէր։
Կար, այն մարդկանց մէջ՝  որոնք այլեւս հոն չեն։
Կար, այն տուներուն մէջ՝ որոնց դռները, այլեւս իրենց տէրերուն չեն բացուիր։
Կար, այն կարօտին մէջ, որ ինծի փոխանցուեցաւ՝ նախքան ես հասկնայի, թէ ի՞նչ է կարօտը։
Եւ թերեւս, այդ է Արարատի հետ ամէնէն անարդար բանը։

Ես զայն չկորսնցուցի։
Ես ծնայ անոր կորսուած ըլլալու փաստին մէջ։
Ինծի համար կորուստը անցեալին մէջ տեղի ունեցած դէպք մը չէր։
Անիկա իմ ներկաս էր։
Մասիսը այնտեղ էր։
Ես, այստեղ էի։
Եւ ամբողջ կեանքս այդ երկու բառերուն միջեւ ապրեցայ։

Մինչեւ օր մը, երբ այլեւս երկու կողմ չկային։
Կային միայն ես ու Ինք:

https://asbarez.am/archives/510777

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ