Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը հերքած է ազրպէյճանական մամուլի պնդումները, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած է եւ յեղաշրջում կազմակերպելու հրահանգներ տուած է: Դեսպանատունը այդ տեղեկութիւնները կոչած է «կանխամտածուած սուտեր»` պնդելով, որ անոնց նպատակը երկու դաշնակից երկիրներու յարաբերութիւնները խաթարելն է:
Աղմուկի պատճառը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտիկ «Քաֆքազինֆօ» կայքի` «Հաքան Ֆիտանի հանդիպման քուլիսները» վերնագիրով յօդուածն էր, որուն համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ հանդիպած է Երիտասարդութեան աջակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց «յանձնարարականներ» տուած: Յօդուածին մէջ չէր նշուած, թէ ի՛նչ յանձնարարականներու մասին է խօսքը:
Յօդուածի հեղինակները յիշեցուցած էին նաեւ 1995-ին Ազրպէյճանի մէջ յեղաշրջման փորձը` պնդելով, որ ատոր մէջ ներգրաւուած եղած են Թուրքիոյ հետ կապ ունեցող կազմակերպութիւններ: Մեկնելով ատկէ` անոնք չէին բացառած, որ նման ծրագիրներ կրնան մշակուիլ նաեւ այսօր, իսկ Ֆիտան Պաքուի մէջ շատ հաւանաբար ճիշդ այդպիսի յանձնարարականներ տուած է:
Թրքական դեսպանատունը հերքած է գաղտնի հանդիպման մասին տեղեկութիւնները` բացատրելով, որ Պաքու այցելութեան ընթացքին Ֆիտան պարզապէս լուսանկարուած է բազմաթիւ մարդոց հետ, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ օրինական կերպով գործող կազմակերպութեան անդամներու հետ:
Թուրքիան նաեւ հերքած է յօդուածին մէջ յիշատակուած` Ֆիտանի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին ուղարկուած նամակի գոյութիւնը:
Դեսպանատունը «ներքին գործերուն միջամտելու», «հետախուզական գործողութիւններու», «յեղաշրջման եւ քաոսի ծրագիրներու» մասին պնդումները որակած է ազրպէյճանական հասարակութիւնը Թուրքիոյ դէմ տրամադրելուն ուղղուած ապատեղեկատուութիւն` երկու երկիրներուն քաղաքացիները յորդորելով չտարուելու նման շահագործումներէ:
Յօդուածը աւելի ուշ ջնջուած է «Քաֆքազինֆօ»-ի կայքէն:
Մէկ օր առաջ Պաքուն յեղաշրջման կոչեր ընելու մեղադրանքով քրէական գործ յարուցած էր թուրք սիւնակագիր Ժելալ Չիֆթճիի դէմ եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած:
Յիշեցնենք, որ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները սրած էին Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու սահմանափակումներու պատճառով:




Leave a Reply