«Ես ես ե՞մ արդեօք»

•

«Մի՛ կար­ծէք թէ ես ես եմ, ես մը եւս կայ իմ ներ­քուստ»։ Յայտնի այս նա­խադա­սու­թիւնը կը պատ­կա­նի ԺԳ. դա­րու բա­նաս­տեղծ Եու­նուս Էմ­րէի։

Բագրատ Էսդուգեան

1964-ին էր։ Փե­րայի պատ­մա­կան «Սա­րայ» կի­նօթատ­րո­նի մէջ հա­մայնքա­յին մի­ջոցա­ռում մը կայ։ Հան­դի­սավա­րը նախ­քան յայ­տագրի կի­րար­կումը, գլխո­վը ցոյց կու տայ դահ­լի­ճի կող­քի օթեակ­նե­րէն առա­ջինը եւ կը յայ­տա­րարէ թէ այս պա­հուն մեզ հետ է ամե­րիկա­հայ անուանի գրող Ու­լիեամ Սա­րոյեան։ Իս­կոյն ծա­փահա­րու­թիւննե­րու հե­ղեղ մը կը ծա­գի, որ վայրկեան­ներ շա­րու­նակ կը տե­ւէ։ Վեր­ջա­պէս Սա­րոյեան ձեռ­քի շար­ժումով մը կը լռեց­նէ ոգե­ւորո­ւած հան­դի­սատե­սը եւ կ՚ար­տա­յայ­տէ կարճ ու կտրուկ սրտի խօս­քը՝ «Չեմ գի­տեր թէ ես, ես ե՞մ»։ Այս լսե­լով զան­գո­ւածը ալ աւե­լի ջեր­մե­ռանդ կ՚ող­ջունէ մեծ գրո­ղը։

«Մի՛ կար­ծէք թէ ես ես եմ, ես մը եւս կայ իմ ներ­քուստ»։ Յայտնի այս նա­խադա­սու­թիւնը կը պատ­կա­նի ԺԳ. դա­րու բա­նաս­տեղծ Եու­նուս Էմ­րէի։

Այս խոր­հուրդնե­րը կը շրջէին մտքիս մէջ, երբ 27 Սեպ­տեմբե­րի երե­կոյեան հա­ւաքո­ւած ենք Քուրթու­լուշի ծա­նօթ գրա­խանութ-սրճա­րանի՝ «Նոս­տալժի»ի մէջ, լսե­լու հա­մար Մերթ Քա­յայի նոր հրա­տարա­կուած գիր­քի՝ «Ես նախ­կին եսը չեմ»ի մա­սին, որ լոյս տե­սած է «Իս­թոս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն։

Հե­ղինա­կը իր պա­տու­մին սկսաւ ներ­կա­յաց­նե­լով ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րը, որոնք սկսե­լով Ամա­սիոյ Վե­զիր­քէօփ­րիւ գա­ւառի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն, ան­ցած էր Բա­ղէշէն, հա­սած Զմիւռնիա եւ վեր­ջա­պէս ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէն սկսեալ Ան­գա­րա։

Ան աւար­տած է Մի­ջին Արե­ւել­քի Թեխ­նի­քական Հա­մալ­սա­րանի Ըն­կե­րագի­տու­թեան բա­ժինը, ապա Գեր­մա­նիոյ մէջ ակա­դեմա­կան աշ­խա­տու­թիւններ շա­րու­նա­կելէ ետք դոկ­տո­րակա­նը պաշտպա­նած է իր աւար­տած հա­մալ­սա­րանին մէջ։ Այժմ կը դա­սաւան­դէ նոյն հա­մալ­սա­րանէ ներս։

«Հա­զիւ տա­սը տա­րեկան էի, երբ իմա­ցայ մեր ըն­տա­նիքի գաղտնիքը։ Այդ տա­րի մեծ մօ­րաքոյրս այ­ցե­լած էր Յու­նաստան եւ վե­րադար­ձին ըն­տա­նիքի բո­լոր կա­նայք մէկ­տե­ղած էր տան ամե­նաըն­դարձակ սե­նեակը։ Մե­զի դուրս դրած էին այդ սե­նեակէն, ըսե­լով որ -Դուք գա­ցէք խա­ղացէք-։ Մի­ջոց մը ետք սե­նեակէն դուրս յոր­դե­ցան մեր մայ­րե­րու հեծկլտուքնե­րը։ Իս­կոյն փու­թա­ցինք սե­նեակ եւ տե­սանք այդ լա­ցու­կո­ծի պատ­ճա­ռը։ Էկ­րա­նի վրայ տա­րեց մարդ մը, խո­տոր առո­գանու­թեամբ թրքե­րէնով իր կա­րօտը կ՚ար­տա­յայ­տէր սե­նեակի կա­նանց։ Սկսան մեր՝ մա­նուկնե­րուս ան­վերջա­նալի հար­ցումնե­րը։ -Ո՞վ էր այդ տա­րեց մար­դը։ Ուրկէ՞ գի­տեր մեր անուննե­րը։ Տնե­ցիներ ան­մի­ջապէս հնա­րեցին սուտ մը, որու հա­մաձայն ան մեր հա­րազատ մեծ մեծ հայրն էր, որ յոյն զի­նուոր­ներ Զմիւռնիայէն փա­խուստի պա­հուն ինք ալ իրենց հետ փախ­ցուցած էին։ Քա­նի յա­ռաջա­ցաւ տա­րիքս, գու­շա­կեցի այդ պատ­մութեան կեղ­ծիքնե­րը։ Իրա­կանու­թեան մէջ ըն­տա­նիքի մեր հա­տուածն էր որ պո­կուած էր մնա­ցեալ­նե­րէն եւ մեծ մեծ հայրս Պաթ­մա­նի մէջ քիւրտի մը ապաս­տա­նելով կրցած էր իր գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կել ի գին կրօ­նափոխ ըլ­լա­լու։

Ըն­տա­նեկան պատ­մութիւ­նը ճշդեց նաեւ իմ ակա­դեմա­կան ու­ղին։ Սկսայ ու­սումնա­սիրել 1923 թո­ւի 30 Յու­նո­ւարին Յու­նաստա­նի եւ Թուրքիոյ պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած բնակ­չութիւննե­րու փո­խանակ­ման հա­մաձայ­նագրի հե­տեւանքնե­րը։ Այդ հա­մաձայ­նագրով Թուրքիա հպա­տակ աւե­լի քան 1,2 մի­լիոն ուղղա­փառ յոյ­ներ բռնի կը տե­ղափո­խուէին Յու­նաստան, իսկ աւե­լի քան 450 հա­զար յու­նահպա­տակ մահ­մե­տական­ներ ալ կը հար­կադրո­ւէին Թուրքիա գաղ­թե­լու։ Պաշ­տօ­նական պատ­մագրու­թիւնը եղե­լու­թիւնը կը բա­ցատ­րէր այսքա­նով միայն եւ դոյզն իսկ չէր անդրա­դառ­նար մնա­ցողաց։ Բայց կարճ պրպտում մը իսկ կ՚ապա­ցու­ցէր թէ բնաւ քիչ չեն կրօ­նափո­խու­թեան մի­ջոցաւ իրենց եր­կի­րը մնա­ցող յու­նաց թի­ւը։ Ուստի մեր ըն­տա­նիքի նա­խահայր հան­դի­սացող Հա­ճը Իլեասն ալ ու­րիշ մէ­կը չէր, եթէ ոչ Էլեաս Ալեք­սանդրա­փու­լոն։ Իրո­ղու­թիւն մը որ իբ­րեւ ըն­տա­նեկան գաղտնիք եր­կար տա­րիներ թաք­նո­ւած էր ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րէն»։

Այս հա­մառօտ բա­ցատ­րութե­նէ ետք Մերթ Քա­յա ան­ցաւ գիր­քի մէջ տե­ղադ­րո­ւած 18 կրօ­նափոխ յոյ­նե­րու հար­ցազրոյցնե­րուն։ Ան նշեց թէ Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն գտած է շատ աւե­լի մեծ թի­ւով մահ­մե­տակա­նացած յոյ­ներ, որոնք իրենց ըն­տա­նիքի պատ­մութիւ­նը փո­խան­ցե­լով հան­դերձ խու­սա­փած են այդ պա­տումնե­րու գիր­քի մը մի­ջոցաւ հրա­պարա­կու­մէն։

Հե­ղինա­կը յա­ճախ ակ­նարկու­թիւններ ըրաւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, բա­ցատ­րե­լու հա­մար ազ­գա­յին պե­տու­թիւն հիմ­նե­լու հա­մար նախ ազգ մը ձե­ւաւո­րելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ «Քրիս­տո­նեայ տար­րե­րը վե­րաց­նե­լով կա­րելի եղաւ հա­սարա­կու­թեան պար­տադրել թուրք եւ սուննի մահ­մե­տական ազ­գի մը բա­ղադ­րի­չը դառ­նա­լու պայ­մա­նը։ Քրիս­տո­նեանե­րու յա­րատե­ւու­թեան պա­րագա­յին այս ար­դիւնքը ան­կա­րելի պի­տի ըլ­լար։ Հա­յերը պե­տու­թիւն չու­նէին, հե­տեւա­բար անոնց դէմ գոր­ծադրո­ւեցաւ շատ աւե­լի դա­ժան մի­ջոց­ներ։ Իսկ Յու­նաստան եւ Թուրքիա ան­պա­տեհու­թիւն չտե­սան իրենց ազ­գա­յին պե­տու­թիւննե­րու սահ­մաննե­րէն ներս օտար հա­մարո­ւած­նե­րու ար­տաքսու­մը։ Գա­լով ին­ծի, ես հա­ւատա­ցեալ մէ­կը չեմ, բայց ի յար­գանս իմ նախ­նեաց, սի­րով իւ­րա­ցու­ցած եմ Մերթ Քա­յայի կող­քին Մար­քօ Ալեք­սանդրա­փու­լօ կո­չումն ալ»։

Շուրջ 1,5 ժամ տե­ւողու­թեամբ բա­նախօ­սու­թիւնը ցնցիչ էր լսա­րանին հա­մար, որոնք աւար­տին ու­նէին բա­զում հար­ցումներ։ Այդ հար­ցումնե­րու մէջ կ՚ար­ժէ առանձնաց­նել այն մէ­կը, որ կը վե­րաբե­րէր Թուրքիոյ Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ մեր­ձեցման։ Մերթ Քա­յա կսկի­ծով պատ­մեց թէ Պոլ­սոյ յոյն եկե­ղեցին եւս որ­դեգրած է մեր­ժո­ղական կե­ցուածք, յատ­կա­պէս մկրտու­թեան դի­մումնե­րու դի­մաց։ Ան յի­շատա­կեց թէ յատ­կա­պէս Տրա­պիզո­նի մէջ լա­չակա­ւոր կա­նայք գի­շերո­ւայ խա­ւարին կը թա­կեն եկե­ղեց­ւոյ դու­ռը, իրենց երա­խային մկրտու­թիւնը խնդրե­լով։ «Ափ­սոս որ կը մեր­ժո­ւին այդ դի­մումնե­րը, պար­զա­պէս տե­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը չվատ­թա­րաց­նե­լու մտա­հոգու­թեամբ» պա­տաս­խա­նեց ատե­նախօ­սը։

Իս­կա­պէս ալ կ՚ար­ժէ հարց տալ, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ որ­քա­նո՞վ վստահ է թէ ինք, ինքն է պար­զա­պէս, թէ ոչ խոր­քին մէջ ու­րիշ ես մը եւս կայ, որ կը սպա­սէ յայտնա­բերման։

https://www.agos.com.tr/am/news/ys-ys-y-m-artyok-42031

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ