Ի՞նչ գիտենք Համշէնի մասին: Ի՞նչ ճանապարհ անցած է այս եզակի հայկական գաւառը, ինչպիսի՞ մշակոյթ ձեւաւորուած է հոն, եւ ինչպէ՞ս մինչեւ մեր օրերը պահպանուած են անոր երգերը, նուագարաններն ու պարերը: «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին բացայայտուեցաւ Համշէնի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը` պատմութեան, կենդանի երաժշտութեան եւ պարի միջոցով:
Պատմաբան Վազգէն Բարսեղեան (Քալիֆորնիոյ պետական համալսարան) ներկայացուց Համշէնի ծագումը, պատմական անցեալը, կենցաղն ու մշակոյթը: Ան կիսուեցաւ Համշէն կատարած իր ճամբորդութեան անձնական փորձառութեամբ` պատմելով հոն անցուցած ուսումնասիրութիւններուն, համշէնցիներուն հետ շփումներուն եւ իր բացայայտումներուն մասին:
Վազգէն Բարսեղեան ներկայացուց համշէնական քեմանին (քամանչայի համշէնական տարբերակը) եւ պարկապզուկը, պատմեց անոնց պատմութեան ու առանձնայատկութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կենդանի կատարումով հնչեցուց համշէնական եղանակներ:
Երեկոյի աւարտին ծանօթացուցին համշէնական պարարուեստին: «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթը` Տիգրան Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուց համշէնական պարերու առանձնայատկութիւնները, այդ կարգին` պարեր, որոնք տակաւին լայնօրէն ծանօթ չեն հանրութեան: Մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան ո՛չ միայն դիտելու, այլեւ սորվելու այդ պարերը եւ վերջաւորութեան միասին պարելու` քեմանիի եւ պարկապզուկի կենդանի նուագակցութեամբ:
Կազմակերպիչ` «Ափ ափի» աւանդական երգի-պարի համոյթ:




Leave a Reply