Լոյս տեսաւ Նորատուսի խաչքարերուն նուիրուած Դաւիթ Քարամեանի լուսանկարչական հատորը

Լոյս տեսաւ Դաւիթ Քարամեանի երկլեզու հատորը, որ մօտաւորապէս երեք տարիներու  լուսանկարչական աշխատանքը կը վերածէ Հայաստանի խաչքարերու ամենակարեւոր պահպանուած տարածքներէն մէկուն վաւերագրութեան։

Լուսանկարիչ, հեղինակ եւ հրատարակիչ Դաւիթ Քարամեանի «Յաւերժական Հայաստան․ Նորատուսի Խաչքարերը» (Eternal Armenia: Khatchkars – The CrossStones of Noratus) մեծադիր երկլեզու հատորը  կը վաւերագրէ Նորատուսի հին գերեզմանատունն ու հայկական խաչքարերու անոր արտակարգ տարածքը։

Գիրքը պսակումն է մօտ երեք տարուան լուսանկարչական, հետազօտական, գրական եւ ձեւաւորման աշխատանքներու։ 264 էջերու եւ մօտ 200 լուսանկարներու ընդմէջէն, Քարամեան կը վաւերագրէ ոչ միայն խաչքարերը, այլ նաեւ տապանաքարեր, արձանագրութիւններ, հողմահար քարեր, յուշարձաններու խմբաւորումներ եւ այն ընդարձակ տարածքը, ուր անոնք կանգնած են դարերէ ի վեր։

Սեւանայ լիճի մօտ գտնուող Նորատուսը տունն է հայկական խաչքարերու աշխարհի ամենամեծ պահպանուած կեդրոնացումին։ Որոշ քարեր կանգնած են առանձին, իսկ ուրիշներ կը յայտնուին խումբերով՝ երկու, երեք, վեց, տասը կամ աւելի, յուշելով սերունդներու, ընտանիքներու եւ համայնքներու մասին, որոնց առանձին պատմութիւնները թերեւս մարած են, մինչդեռ անոնց հաստատած քարերը կանգուն կը մնան։

https://asbarez.am/archives/508584

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ