«Յիշողութեան պահապաններ» խորագիրով բանախօսութիւններու շարքին հանդիպում` դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի հետ

Վերջերս «Վերապրում եւ վերածնունդ. Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղները` «Յիշողութեան պահապաններ»» բանախօսութիւններու շարքին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր, քաղաքագիտութեան դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի հետ փոխներգործուն ձեւաչափով հանդիպում-բանազրոյցը:

Բանախօսութեան ծիրին մէջ դոկտոր Տաքեսեանը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու լիբանանահայ տարասերունդ ժառանգներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ճգնաժամային հարցերը, յաղթահարման մեթոտները: Անդրադարձ կատարուեցաւ այսօրեայ համայնքային հարցերուն: Հարց-պատասխանի միջոցով ուրուագծուեցաւ բովանդակային հանդիպում-զրոյց:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ