Վերջերս «Վերապրում եւ վերածնունդ. Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղները` «Յիշողութեան պահապաններ»» բանախօսութիւններու շարքին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր, քաղաքագիտութեան դոկտոր Անդրանիկ Տաքեսեանի հետ փոխներգործուն ձեւաչափով հանդիպում-բանազրոյցը:
Բանախօսութեան ծիրին մէջ դոկտոր Տաքեսեանը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու լիբանանահայ տարասերունդ ժառանգներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ճգնաժամային հարցերը, յաղթահարման մեթոտները: Անդրադարձ կատարուեցաւ այսօրեայ համայնքային հարցերուն: Հարց-պատասխանի միջոցով ուրուագծուեցաւ բովանդակային հանդիպում-զրոյց:




Leave a Reply