Գոնէ ծերանոցը մերն է

Ընդարձակ է Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի զբա­ղեցու­ցած տա­րած­քը։ Մուտքի մօտ ցե­րեկո­ւայ բո­լոր ժա­մերուն աշ­խոյժ եռու­զեռ մը կ՚ապ­րո­ւի։

Բագրատ Էստուգեան

Ընդարձակ է Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի զբա­ղեցու­ցած տա­րած­քը։ Մուտքի մօտ ցե­րեկո­ւայ բո­լոր ժա­մերուն աշ­խոյժ եռու­զեռ մը կ՚ապ­րո­ւի։ Ան­մի­ջապէս այդ հա­տուա­ծին է շտապ օգ­նութեան բա­ժինը։ Թէեւ հի­ւան­դա­նոցը իբ­րեւ սկզբունք կը խու­սա­փի դա­տական, ոս­տի­կանա­կան խնդիր­նե­րու հե­տեւան­քով փու­թա­ցած վի­րաւո­րեալ­նե­րը ըն­դունե­լէ, բայց հոն դար­ձեալ միշտ առ­կայ է իրա­րան­ցում մը։

Իսկ մուտքէն դէ­պի ցախ թե­քուե­լով կը հաս­նիս թէ փո­լիք­լի­նիկ­նե­րու եւ թէ հի­ւան­դա­նոցի հիմ­նա­կան բա­ժին­նե­րուն։ Այդ ճամ­բուն վրայ կը գոր­ծէ նաեւ հա­մեստ սրճա­րան մը, ուր կարճ դա­դար­նե­րով կ՚այ­ցե­լեն հի­ւանդնե­րու մեր­ձա­ւոր­նե­րը, եր­բեմն ալ անձնա­կազ­մէն մար­դիկ։ Սրճա­րանի կող­քին կը գոր­ծէ հի­ւան­դա­նոցի դե­ղատու­նը, որ իր կա­հոյ­քով եւ ցու­ցադրած իրե­րով թան­գա­րանի մը բնոյ­թը կը պար­զէ։

Դե­ղարա­նի ներ­քե­ւի փոք­րիկ սե­նեակն ալ կը պատ­կա­նի հի­ւան­դա­նոցի ճար­տա­րագէ­տին։ Հնա­մեայ այս շէն­քը յա­ճախ կը կա­րօտի նո­րոգու­թիւննե­րու։ Այս իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ ընդմիշտ շի­նարա­րական աշ­խա­տու­թիւն կը կա­տարո­ւի՞ Այս ալ անհրա­ժեշտ կը դարձնէ ճար­տա­րագէ­տի մը մշտա­կան ներ­կա­յու­թիւնը։

Հի­ւան­դա­նոցի պատ­մա­կան շէն­քի շքա­մուտքը նաեւ վար­չա­կան հա­տուածն է։ Հոն են ընդհա­նուր քար­տուղա­րու­թիւնը, հո­գաբար­ձութեան ժո­ղովաս­րա­հը, պաշ­տօ­նական հա­ւաքոյթնե­րու հա­մար դա­սաւո­րուած ըն­դունա­տու­նը եւ այլն։

Երբ անցնիք այս թո­հու­բո­հի ընդմէ­ջէն, կը հաս­նիք զո­վասուն ծա­ռերով օժ­տուած պար­տէզ մը, որուն առ­թած տպա­ւորու­թիւնն է ան­դորրը ու խա­ղաղու­թիւնը։ Մէկ թե­քու­մով, միայն մէկ քայ­լա­փոխու­մով դուրսը կը թո­ղուք մարդկա­յին բազ­մութիւ­նը, առօ­րեայ վազվզու­քը ու կը տի­րանաք ան­ձայնու­թեան։ Մարդ զինք ու­րախ կը զգայ իր հե­ղինա­կած դժոխ­քէն ձեր­բա­զատո­ւելով ու կ՚ըմ­բոշխնէ բնու­թեան պար­գե­ւը։

Կար­ծես մի­ջավայ­րի թե­լադ­րանքը ըլ­լայ, այստեղ մար­դիկ կը զսպեն իրենց ձայ­նե­րը։ Նոյ­նիսկ լա­ցու­կո­ծը, կամ տա­րակար­ծութեան մը բե­րած բա­նավէ­ճը կար­ծես շշուկնե­րով կ՚ըն­թա­նայ։

Թէեւ իրեն տրա­մադ­րո­ւած սե­նեակը բա­ւակա­նին հան­գիստ էր, կը ստա­նար օրո­ւայ լոյ­սը, ու­նէր հան­գիստ բազ­կա­թոռ, բայց տի­կին Վե­հանոյ­շը կը սի­րէր ճե­մել այդ խա­ղաղ պար­տէ­զին մէջ։ Կը նստէր նստա­րան­նե­րէն մէ­կուն ու կը կար­դար օրո­ւայ թեր­թե­րը։ Մերթ ակա­մայ ական­ջա­լուր կ՚ըլ­լար կող­քի խօ­սակ­ցութիւննե­րուն։ Երբ կը նկա­տէր թէ եր­րորդ ան­ձի ուղղո­ւած բամ­բա­սանք մըն է զրոյ­ցի նիւ­թը, իս­կոյն կը հե­ռանար, ու­րիշ նստա­րան մը զբա­ղեց­նե­լով։

Այդ օր սա­կայն պա­տահե­ցաւ հա­կառա­կը, երբ նկա­տեց պար­տէ­զին հե­ռու մէկ ան­կիւնը կանգնած, հեծկլտա­ցող օտար մը։ Յայտնի էր թէ հի­ւան­դի մը մեր­ձա­ւորն է։ Մօ­տեցաւ ան­ծա­նօթին եւ ձեռ­քի տոպ­րա­կէն հա­նեց ջու­րի շիշ մը, մա­տու­ցեց «Ումպ մը խմե­ցէք, լաւ կու գայ» ըսե­լով։

Օտա­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով վեր­ցուց Վե­հանոյ­շի տո­ւած շի­շը, ումպ մը խմեց ու ետ վե­րադար­ձուց։

Մարդկա­յին այդ մեր­ձե­ցու­մը բա­ւարար եղաւ, որ օտա­րակա­նը բա­նայ իր վի­րաւոր սիր­տը այս տա­րեց կնոջ։ «Կինս է վե­րը դար­մա­նում տես­նո­ղը։ Քաղցկե­ղէ կը տա­ռապի։ Նախ թո­քերը հի­ւան­դա­ցան, բայց հի­մա ու­ռուցքնե­րը տա­րածո­ւած են բո­լոր մարմնին։ Մա­նաւանդ ոս­կորնե­րուն ալ հաս­նե­լով, ցա­ւերը բո­լորո­վին ան­տա­նելի դար­ձան։ Ցա­ւազրկիչ­ներն այ­լեւս անօ­գուտ են։ Բժիշկնե­րը հա­զիւ մոր­ֆի­նով կը փոր­ձեն քիչ մը իսկ հանգստաց­նել զինք։ Այդ է սրտիս ցա­ւը։ Խեղճ կինս չար­քաշ կեանք մը ապ­րե­ցաւ։ Միշտ պայ­քա­րեցանք աղ­քա­տու­թեան դէմ։ Եր­բեք չյա­ջողե­ցանք այդ պայ­քա­րին մէջ։ Ես բեռ­նակրու­թիւն ըրի, ինք ալ դա­տախա­զի մը տան բո­լոր հոգ­սե­րը շալ­կեց։ Տան մաք­րութիւ­նը, լո­ւալ՞ թա­փել, եփել, երա­խայ խնա­մել, դա­տախա­զին ծե­րացած մօ­րը նա­յիլ, ալ ինչ որ ու­զես։ Վեր­ջա­պէս կեան­քը մա­շեցուց այդ տան մէջ։ Բայց ի՞նչ ըսեմ, նո­րեն իր շնոր­հիւ է որ հոս ենք։ Այստեղ յա­տուկ հի­ւան­դա­նոց է։ Եթէ ինք չըլ­լար, մենք մեր մի­ջոց­նե­րով այստեղ չէինք կրնար բու­ժում ստա­նալ։ Բա­րեկամ­ներս նախ զիս մե­ղադ­րե­ցին «Ի՞նչ գործ ու­նիս հա­յոց հի­ւան­դա­նոցը» հարցնե­լով։ Երեք շա­բաթ է որ հոս ենք եւ կը տես­նենք թէ այստե­ղի միայն անունն է հա­յոց հի­ւան­դա­նոց։ Ոչ անձնա­կազ­մի մէջ, ոչ ալ հի­ւանդնե­րու մօտ առ­հա­սարակ չեմ հան­դի­պած հա­յու մը։

Միայն ան­ցեալ օր, երբ պա­տահա­կանօ­րէն տե­սայ փո­լիք­լի­նիկի բա­ժին­նե­րու անո­ւանա­ցան­կը, հա­զիւ հոն նկա­տեցի քա­նի մը օտար անուններ, որոնք հա­ւանա­բար հայ ըլ­լա­լու էին։

Այստեղ անո­ւանու­մով թէեւ հա­յոց հի­ւան­դա­նոց է, բայց գոր­ծադրու­թիւնով բո­լորո­վին տար­բեր։ Օրի­նակի հա­մար մեր կող­քի սե­նեակը դար­մա­նուող հի­ւան­դը դա­տաւորի մը զո­քանչն է, իսկ դի­մացի սե­նեակն ալ նախ­կին բարձրաս­տի­ճան ոս­տի­կանա­պետ մը կայ»։

Վե­հանոյշ այս ան­գամ ինք ումպ մը խմեց այդ նոյն շի­շէն, որ քիչ առաջ մա­տու­ցած էր վշտա­հար օտա­րին։ Ըսե­լիք շատ բան ու­նէր, որոնք հա­սած էին շրթնե­րուն, բայց դուրս չե­կան։ Կուլ տո­ւաւ այդ բո­լորը ու­մը մը ջու­րի հետ եւ ապա­քինում մաղ­թե­լով հե­ռացաւ օտա­րակա­նի քո­վէն։

Այս մա­սին ար­դէն բա­ւակա­նին լսած էր մա­նաւանդ աշ­խա­տող­նե­րու իրենց մի­ջեւ ու­նե­ցած զրոյցնե­րէն։

«Եթէ ոչ հի­ւան­դա­նոցը, գո­նէ ծե­րանո­ցը տա­կաւին մե­զի կը պատ­կա­նի» մտա­ծեց ու ուղղո­ւեցաւ դէ­պի իր սե­նեակը։

Այդ կարճ ճամ­բու վրայ կրկին հան­դի­պեցայ պա­րոն Պօ­ղոս Վար­ժա­պետեանին, որ բջջա­յին հե­ռախօ­սով ան­գամ մը եւս կը յայ­տա­րարէր իր գո­հակա­լու­թիւնը։ «Բարք Աս­տուծոյ, Ազ­գին Տան մէջ պատսպա­րուած ենք։ Ամէն ինչ շատ լաւ է։ Շատ ու­րախ եմ, շնոր­հա­կալու­թիւն, տի­կին Ալիսն ալ լաւ է։ Մենք ալ կը բա­րեւենք ձեզ»։

Գլխով բա­րեւելէ ետք բա­ցատ­րե­լու կա­րիքը զգաց։ «Ամե­րիկա­յէն տղաս էր փնտռո­ղը։ Ողջ ըլ­լայ ամէն շա­բաթ կը զան­գա­հարէ։ Հի­մա ալ կը հարցնէ թէ ամե­րիկեան հի­ւան­դա­նոցի պարտքը մա­րա՞ծ եմ թէ ոչ։ Մա­րեցի ան­շուշտ, տղոց գլխուն գործ բա­ցուի չեմ ու­զեր»։

(Շա­րու­նակելի)

https://www.agos.com.tr/am/news/kvne-dzyranvtsi-myrn-e-41627

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ