Քեմալ Եալչընին արգիլուած է Թուրքիա մտնել

Քեմալ Եալչըն ծա­նօթ է որ­պէս Թուրքիոյ հայ, յոյն եւ ասո­րի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն են­թարկո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րը գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ հրա­պարա­կելով։

Անուա­նի թուրք գրող Քե­մալ Եալ­չը­նի դէմ կը կի­րար­կո­ւի եր­կիր մտնե­լու ար­գելք։

Ան ծա­նօթ է որ­պէս Թուրքիոյ հայ, յոյն եւ ասո­րի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն են­թարկո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րը գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ հրա­պարա­կելով։

1980-ի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք ապաս­տա­նեցաւ Գեր­մա­նիա, ուր աւե­լի քան 30 տա­րիներ ու­սուցչա­գոր­ծե­լէ ետք 2018-ին թո­շակա­ռու դար­ձաւ։

Իր հե­ղինա­կած գիր­քե­րը թարքմա­նուած են 16 լե­զու­նե­րու։

Քե­մալ Եալ­չըն եր­կիր մտնե­լու ար­գելքը լսեց 9 Դեկ­տեմբեր 2025-ին, Զմիւռնիոյ օդա­կայա­նը։ Սահ­մա­նապահ ոս­տի­կան­նե­րը այդ օր առանց բա­ցատ­րութիւն մը տա­լու յայտնե­ցին թէ ար­գի­լուած է իր եր­կիր մուտքը։ Օդա­կայա­նի մէջ շուրջ 11 ժա­մուայ սպա­սու­մէ ետք զինք ետք ու­ղարկե­ցին դէ­պի Գեր­մա­նիա։

«Թուրքիան իմ հայ­րե­նիքն է, իսկ Գեր­մա­նիա երկրորդ հայ­րե­նիքս 30 տա­րիներ է որ առանց դժո­ւարու­թեան մը մատ­նո­ւելու կ՚եր­թամ կու գամ իմ եր­կի­րը։ Ան­պարտ հռչա­կուած եմ ին­ծի դէմ յա­րու­ցո­ւած բո­լոր մե­ղադ­րանքնե­րէն։ Այս դէպ­քէն ան­մի­ջապէս ետք փաս­տա­բան­նե­րու մի­ջոցաւ դի­մեցի դա­տարան, բայց մին­չեւ օրս չեմ ստա­ցած ոեւէ պա­տաս­խան նման ար­գելքի մը բա­ցայայտման նիւ­թով»։

Նշենք թէ Քե­մալ Եալ­չըն Գեր­մա­նիա գտնո­ւած տա­րինե­րուն մտեր­մա­ցած էր այդ տա­րինե­րու Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց հո­գեւոր առաջ­նորդ Գա­րեգին Արք. Եպիս­կո­պոս Պէք­ճիեանի հետ։ Ինք էր որ սրբա­զանը այ­ցե­լած էր իր ապաս­տա­նած ծե­րանո­ցին մէջ եւ անոր պայ­մաննե­րը իմա­ցու­ցած «Ակօս»ի մի­ջոցաւ։ Ապա գոր­ծակցե­լով «Ակօս»ի վա­ղեմի բա­րեկամ­նե­րէն Վար­գէն Պա­րընի հետ, ապա­հոված էր սրբա­զանի իր ծննդա­վայ­րը վե­րադարձը։

https://www.agos.com.tr/am/news/kymal-yalchinin-arkilvwadz-e-tvwrkia-mdnyl-41580

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ