Հայկազեան համալսարանի եւ «Հայրենիք» հրատարակչութեան «Յուշամատեան» մատենաշարին մեկնարկ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնը եւ «Հայրենիք» հրատարակչութիւնը կը յայտարարեն «Յուշամատեան» մատենաշարին մեկնարկը՝ հրատարակելով Բարունակ Թոփալեանի «Իմ Հայրենի Գիւղս՝ Օխու» գիրքին անգլերէն նոր թարգմանութիւնը։ Գիրքը մատենաշարի առաջին հատորն է, որ նպատակ ունի հայերէն յուշամատեաններու հարուստ աւանդութիւնը հասանելի դարձնել նոր սերունդներուն:

Բնագիրը առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուած էր Պոսթընի «Հայրենիք» հրատարակչութեան կողմէ, 1943ին: Գիրքը Օսմանեան կայսրութեան Խարբերդի շրջանի Բալու գաւառակին մէջ գտնուող հայկական Օխու գիւղի աշխարհը կը վերակազմէ՝ հիմնուելով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հեղինակի յիշողութիւններուն վրայ։ Թոփալեան իր յուշագրութիւնը գրած է Ցեղասպանութենէն մօտ երեք տասնամեակ ետք։

Գիրքը անգլերէնի թարգմանած է Սիմոն Պէօճէքեան:

ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ

Հայ յուշամատեանները գրապատմական իւրայատուկ ժանր մը կը կազմեն հայ գրականութեան մէջ: Այս ժանրը հիմնականին մէջ ստեղծուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ անոնց յետնորդներուն կողմէ։ Այս յուշամատեանները կը համադրեն պատմութիւն, ազգագրութիւն, աշխարհագրութիւն, տոհմագրութիւն, բանահիւսութիւն, լուսանկարներ, քարտէսներ, բարբառներ, յուշագրութիւններ, աւանդութիւններ, առօրեայ կեանքի նկարագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան պատմութիւններ։

 Այս աշխատութիւնները կը ջանան վերակառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով կործանած համայնքներու աշխարհը, արձանագրել ցրուած, տասանորդուած ժողովուրդի մը կեանքն ու փշրուած ժառանգութիւնը։ Անոնք միաժամանակ կը ծառայեն իբրեւ պատմական արխիւներ, մշակութային վկայութիւններ եւ մոռացութեան դէմ պայքարի միջոցներ։ Յուշամատեանները դարձան այնպիսի հոգեւոր սնունդի միջոցներ, զգացական ուղեցոյցներ, որոնց միջոցով արմատախլուած հայերը պահպանեցին եւ վերաիմաստաւորեցին հայրենի իրենց տան գաղափարը Սփիւռքի մէջ։

Հայկազեան համալսարանը եւ «Հայրենիք» հրատարակչութիւնը, միացեալ այս գործակցութեամբ, յառաջացնելով «Յուշամատեան» մատենաշարը, կը նպատակադրեն թարգմանաբար վերահրատարակել հայերէն իւրայատուկ յուշագիրքեր, ցարդ անտիպ աշխատութիւններ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ հասանելի դարձնել իբրեւ ուշագրաւ գրքային վկայութիւններ:

Մատենաշարին հատորները պիտի ներառեն նաեւ քննական մեկնաբանութիւններ եւ ժողովրդագրական, ուսումնասիրական կարեւոր յաւելումներ՝ զանոնք տեղադրելով Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր շրջակայ տարածքներուն եւ հայոց պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան աւելի լայն ծիրին մէջ։

ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Մատենաշարին գաղափարը սկիզբ առած է իր նախնիներու հայրենի քաղաք Բալուի վերաբերող յուշագիրքեր թարգմանելու եւ հրատարակելու Ճորճ Աղճայեանի առաջարկէն։ Աղճայեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ մատենաշարի խմբագիրներ Անդրանիկ Տագէսեանի ու Խաչիկ Մուրատեանի միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին, այդ նախնական նախագիծը վերածուած է աւելի լայն նախաձեռնութեան՝ ընդգրկելով նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գտնուող հայկական քաղաքներուն ու գիւղերուն վերաբերող իւրօրինակ գիրքերու, յուշագիրքերու հրատարակութիւնը։

«Այս յուշամատեաններուն հեղինակները ստանձնեցին Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան հետեւանքով կործանուած համայնքներու ընկերային, մշակութային եւ ֆիզիքական աշխարհները վերակառուցելու ծանր պարտականութիւնը։ Անոնց աշխատանքը անգնահատելի պատմական գիտելիքներ պահպանեց, միաժամանակ ստեղծելով յիշողութեան մնայուն կոթողներ՝ յետնորդներուն եւ գալիք սերունդներուն համար», կը գրեն Տագէսեան եւ Մուրատեան մատենաշարի ներածութեան մէջ։

«Իմ Հայրենի Գիւղս՝ Օխու»ի հրատարակութեամբ կը սկսի մատենաշարի առաջին փուլը՝ նպատակ ունենալով այս բացառիկ աղբիւրները հասանելի դարձնել գիտնականներուն, նկարագրուած համայնքներու յետնորդներուն եւ ընդհանրապէս ընթերցող հանրութեան։

Թոփալեանի աշխատութեան առաջին հրատարակութենէն աւելի քան ութ տասնամեակ անց, My Native Village: Okhou-ն ընթերցողին կը ծանօթացնէ ոչ միայն կորսուած հայկական գիւղի մը պատմութեան, այլեւ այն յատկանշական ճիգին, որով Ցեղասպանութենէն վերապրածները փորձեցին ապահովել, որ իրենց համայնքներն ու հայրենիքները չանհետանան յիշողութենէն։

https://asbarez.am/archives/507361

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ