Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր երկրին յարաբերութիւնը «ռազմավարական յարաբերութիւն» է` աւելցնելով, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենան քայլեր, որոնք «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնեն աւելի բարձր մակարդակներու»:
Ան ըսաւ, թէ Հորմուզի նեղուցը համաշխարհային տնտեսութեան կենսական երակներէն մէկն է, «եւ մեր մաղթանքն ու սպասումն է, որ ներկայ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտի, եւ Հորմուզի նեղուցը վերադառնայ ապահով, կայուն ու անընդհատ կերպով միջազգային առեւտուրի ծառայութեան մէջ իր դերի կատարման»:
Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց. «Սխալ է (Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրը) վերածել Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան սրման պարզապէս հանգամանքային արտացոլման»` աւելցնելով. «Հարցը պէտք չէ դիտարկել միայն զինուորական տեսանկիւնէն. այս համաձայնագիրի հիմնական նպատակը ամրապնդելն է անոր զսպիչ հանգամանքը եւ ամրապնդել կողմերու անվտանգութեան հրամայականը` ամրապնդելով անոնց միջեւ համերաշխութեան ոգին եւ պաշտպանելով շրջանային կայունութիւնը»:
Ան նշեց, որ համաձայնագիրը «հաստատեց ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին մէջ ամրագրուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը»` ընդգծելով, որ անիկա «որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ», այլ «բաց է բոլոր քոյր երկիրներուն համար, որոնք կ՛ուզեն անոր միանալ»:
Էրտողան յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է, որ «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները արագ դադրին»:
Անոր կարծիքով, Սուրիա «նոր փուլի առջեւ կանգնած է», եւ «մեր ձգտումներուն կարեւորագոյնը այն է, որ այս փուլը տեւական խաղաղութեան, կայունութեան ու Սուրիոյ վերաշինութեան ճամբան հարթէ»:
Էրտողան խոստացաւ, որ իր երկիրը «պիտի չարտօնէ Սուրիոյ հիւսիսի կամ անոր որեւէ այլ մասին մէջ ներկայութիւնը կազմակերպութիւններու կամ գոյացութիւններու, որոնք Թուրքիոյ անվտանգութեան կը սպառնան»:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտնեց, որ Մեքքայի համաձայնագիրը կ՛արտացոլացնէ երեք երկիրներու փափաքը ամրապնդելու իրենց կարողութիւնները, առ ի ծառայութիւն շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ դիմակայելու համար երեք երկիրներուն դիմագրաւած ապահովական մարտահրաւէրները:
Անտրապի նշեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարին որակումով համաձայնագիրը «պատմական» է` շեշտելով, որ Փաքիստանը համաձայնութեան գոյացման մէջ առանցքային դեր խաղցած է:
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռանտհիր Ճայսվալ յայտնեց, որ Հնդկաստանը կ՛ուսումնասիրէ Մեքքայի համաձայնագիրին հնդկական ազգային անվտանգութեան վրայ ունենալիք հետեւանքները:
«Այս համաձայնագիրին վերաբերեալ մենք կ՛ուսումնասիրենք ատոր հետեւանքները թէ՛ Հնդկաստանի ազգային անվտանգութեան, թէ՛ ալ շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան առումով:
«Հնդկաստանը ամբողջովին յանձնառու է պաշտպանելու իր ազգային շահերը եւ այս առումով բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկէ»:




Leave a Reply