«Ակօս» շաբաթաթերթի 30ամեակի տօնախմբութիւն Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՕՀԱՆԷՍ

30ամեայ յոբելեանը շատ աւելին է, քան պարզապէս ժամանակային հանգրուան մը. անիկա կը խորհրդանշէ հասունութիւն, անխախտ նուիրում եւ պատմական երկար ճանապարհ մը:

Կիրակի, Օգոստոս 2ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած էր «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30ամեայ յոբելեանի հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը: Այս ձեռնարկը համախմբած էր մեր համայնքի գրողները, լրագրողները եւ նուիրեալ անդամները՝ մեծարելու համար այն հաւատարիմ եւ անկախ ձայնը, որ տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ համայնքի ինքնութեան, ազատ արտայայտութեան եւ մշակութային պահպանման ամուր պարիսպը:

«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան

Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Սարաֆեանը, ողջունելով բոլոր ներկաներն ու հիւրերը՝ միութեան հոգաբարձութեան, գործադիր եւ մշակութային յանձնախումբերու անունով: Սարաֆեան այդ երեկոյին հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնելով, ըսաւ. «Այսօր մեզ համար պատմական օր մըն է, որովհետեւ տարիներ առաջ կամուրջ մը կազմուած էր, Պոլսոյ մէջ՝ Հրանդը ըլլալով սիւն մը, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեանը, որոնք մահացան, սակայն ձգեցին ամուր կազմուածքով կամուրջ մը»: Ապա հրաւիրուեցան տեղական թերթերու երեք ներկայացուցիչները՝ փոխանցելու իրենց սրտի խօսքերն ու շնորհաւորանքները:

«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան շեշտեց. ««Ակօս»ի հիմնադրութիւնը համընկաւ երեք կարեւոր իրադարձութիւններու հետ՝ Հայաստանի անկախացումը, Արցախեան շարժումին ուժգնացումը եւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ պայքարին սաստկացումը։ Կարեւոր է շեշտել, որ «Ակօս»ը երկլեզու շաբաթաթերթ է, որ օրին կրցաւ պոլսահայ գաղութին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հայութեան կեցուածքը ծանօթացնել թուրք հասարակութեան։ «Ասպարէզ»ը միշտ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է թրքահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, բայց «Ակօս»ի պարագային, շնորհիւ նաեւ Հրանդ Տինքի, հայկական Սփիւռքը կրցաւ տեղեակ ըլլալ Թուրքիոյ ներքին շարժումներուն, որոնք, ինչ խօսք, կարեւոր են նաեւ հայութեան համար։ Այս ամէնուն իբրեւ հետեւանք, Հրանդ Տինքն ու «Ակօս»ը Թուրքիոյ մէջ հայերու պայքարը յառաջ տարին եւ ցոյցեր կատարեցին, որպէսզի պատմական կալուածը եւ հաւաքատեղին՝ «Քեմփ Արմէն»ը, օտարներուն չպատկանի եւ կարողացան իրենց կամքը պարտադրել եւ «Քեմփ Արմէն»ը մինչեւ այսօր իր գործը կը շարունակէ Պոլսոյ մէջ: Մենք կ՛ապրինք հասարակութեան մէջ, ըլլայ այդ ամերիկահայ կամ համաշխարհային: Մեզի համար այդ գիտելիքը հրամայական մըն է՝ գործելու եւ կարեւոր որոշումներ տալու համար, որոնք ոչ միայն կ՛ազդեն մեզի՝ որպէս անհատներ, այլեւ որպէս հաւաքականութեան մը մասը, անկախ անկէ, թէ սփիւռքահայ ենք, կամ Հայաստանի քաղաքացի: Որովհետեւ եթէ կ՛ուզենք փոփոխութիւններ կատարել, պէտք է տեղեակ ըլլանք, եւ մեր թերթերն ալ ունին այլ դեր մը՝ վաւերագրելու իրենց լուսաբանած բնագաւառները»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ շնորհաւորեց «Ակօս»ի 30ամեայ յոբելեանը:

«Նոր Օր» թերթի ներկայացուցիչ Գէորգ Քէօշկէրեան

«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան յայտնեց. «Երեսուն տարիներ առաջ, երբ Հրանդ Տինք եւ իր գաղափարակից ընկերները հիմնեցին «Ակօս» շաբաթաթերթը, անոնք միայն նոր հրատարակութիւն մը կեանքի չկոչեցին, այլ՝ անոնք բանալի մը տուին ամբողջ հայութեան, բաց պահելով այն դուռը, որուն անունը Պոլիս է: Անոնք բացին պատուհան մը, ուրկէ կարելի եղաւ տեսնել, զգալ եւ հասկնալ Պոլսոյ կեանքը, իր յոյսերով, պայքարներով, մտահոգութիւններով եւ աննկուն կամքով: Հրանդ Տինք ապացուցեց, որ կարելի է ապրիլ կեանքը՝ առանց ատելութիւն սերմանելու, կարելի է պայքարիլ՝ առանց կամուրջները այրելու, եւ այդ արժէքներն են, որոնք այսօր կ՛ապրին «Ակօս»ի էջերուն մէջ եւ անոր առաքելութեան ճանապարհին: «Ակօս»ը պատուով կը կատարէ զայն, առանց մտահոգուելու անձնական վտանգներով, եւ մենք իսկապէս արժանաւոր յարգանքը կը մատուցենք խմբագրութեան եւ աշխատակիցներուն»:

«Նոր Օր» թերթի ներկայացուցիչ Գէորգ Քէօշկէրեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց մամուլի անփոխարինելի դերն ու ըսաւ. «Պոլիս կը համարուէր մեր մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը: Ան տուած է մտաւորականներ եւ գրականագէտներ: Հիմա այդ էջը փակուած է, եւ Պոլիսը մեզի կ՛երեւի «Մարմարա», «Ժամանակ» եւ «Ակօս» լրագիրներու ընդմէջէն»: Շնորհաւորելով «Ակօս»ի վաստակաշատ անձնակազմը, ան մաղթեց անխափան երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ եւ մի քանի դրուագներ ներկայացուց Հրանդ Տինքի կապակցութեամբ, յայտնելով, թէ Տինքը իր աչքին հերոս մըն էր, որովհետեւ նախ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը յառաջ մղեց, ապա ուզեց, որ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները յառաջ մղուին եւ երրորդ՝ ուզեց ժողովրդավարութիւնը քաջալերել եւ հաշտութիւն ու երկխօսութիւն առաջարկեց հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ:

Յայտագրի յաջորդ բաժնին, հանդիսավարը յայտարարեց, որ Պոլիսէն «Ակօս»ի խմբագիրներն ու աշխատակիցները ուղիղ կապով (Zoom-ով) միացած են հաւաքոյթին՝ անձամբ փոխանցելու իրենց սրտաբուխ շնորհաւորանքներն ու պատգամները ներկաներուն:

Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բարունակ Չէլիքեան

Առաջին հերթին խօսք առաւ Արիս Նալճըն, պոլսահայ լրագրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ, որ երկար տարիներ գործած է Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ (ներառեալ «Ակօս» շաբաթաթերթը): Ան ըսաւ, թէ գաղութիս հետ իր առաջին հաղորդակցութիւնը եղած է իրաւաբան Էտվին Մինասեանի հրաւէրը, որպէսզի Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ խօսի «Ակօս»ի մասին: Ան նշեց, թէ «Ակօս»ը դպրոց է՝ սորվեցնելով փոքրամասնութիւններուն, թէ ինչպէս պէտք է ապրին Թուրքիոյ եւ այլ ազգերու հետ: Որպէս նախկին աշխատակից եւ խմբագիր, որ երկար տարիներ աշխատած է Հրանդ Տինքի կողքին, Նալճըն միշտ արժեւորած է «Ակօս»ի ընտանիքին համերաշխութիւնն ու նուիրումը՝ շեշտելով, որ թերթը դարձած է երրորդ տուն եւ ապաստան շատերու համար: ««Ակօս»ը իր տեղը կը գրաւէ Թուրքիոյ հայ մամուլին մէջ, որովհետեւ միայն հայերուն կարդացած թերթը չէ, այլեւ՝ թուրքերուն ալ, տրուած ըլլալով, որ երկլեզու է», եզրակացուց ան:

Երկրորդ հաղորդումը Բագրատ Էսդուգեանի կողմէ էր, հայ լրագրող, գրող եւ հասարակական գործիչ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ «Ակօս»ի հայերէն բաժինի խմբագիրի պաշտօնը: Ան «Ակօս»ի հիմնադիր սերունդին եւ խմբագրական կազմին առանցքային դէմքերէն մէկն է, որ նուիրեալ կերպով կը շարունակէ պաշտպանել հայ մամուլի, ազատ խօսքի եւ մշակոյթի պահպանման առաքելութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին համար, ապա իր յուշերը փոխանակեց, յայտնելով, թէ նախքան «Ակօս»ին հիմնուիլը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի հետ արդէն գաղափարակից ընկերներ էին, «Գրական ակումբ» անուան եւ Կեդրոնականի սանուց միութեան երդիքին տակ հանդիպումներ կազմակերպելով: Այդ ընթացքին է, որ Հրանդ Տինք «Ակօս»ի հրատարակութեան գաղափարը յղացած է, որովհետեւ ոչ հայերն ալ հետաքրքրուած էին մեր նիւթերով: Անցնող երեսուն տարիները ապացուցեցին, թէ Տինքի որոշումը տեղին էր, եւ Թուրքիոյ հայութիւնը կարիքը ունէր իր արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ, եթէ «Ակօս»ը չըլլար, կարելի պիտի չըլլար պաշտպանուիլ: Իր վերջին խօսքով, Էսդուգեան ուժ եւ կորով մաղթեց Պոլսահայ միութեան:

Կարգը եկաւ Յովհաննէս Քըլըճտաղի, ճանչցուած պոլսահայ պատմաբան, գիտաշխատող եւ հրապարակագիր, որ երկար տարիներէ ի վեր («Ակօս»ի մէջ 2011էն սկսեալ) հանդիսացած է «Ակօս»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր: Քըլըճտաղ «Ակօս»ը կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ ազատ մտքի, ինքնութեան պաշտպանութեան եւ հասարակական արդարութեան կենսական հարթակ: 30 տարիներու ընթացքին թերթը ոչ միայն գոյատեւեց ամենադժուարին պայմաններու մէջ, այլեւ ձեւաւորեց հասարակական միտք եւ քննական մօտեցում եւ հոն հնչեց հայ համայնքին անկախ, համարձակ ձայնը, առանց ինքնագրաքննութեան: Ան այսօրուան այն հաստատութիւններէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու եւ մարդկային իրաւունքները կը պաշտպանէ, հեռու երթալով հայ համայնքի սահմաններէն:

Յաջորդեց Երուանդ Տանձիկեանը՝ «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր, որ թերթին եւ անոր 30ամեայ ուղիին մասին յաճախ ընդգծած է հետեւեալ առանցքային մտքերը. «Ակօս»ի կենսական առաքելութիւններէն մէկն է բարձրացնել Պոլսոյ հայ համայնքի եւ Թուրքիոյ միւս փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, կալուածային ու կրթական խնդիրները եւ պահպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Ան նշեց, որ թերթը կամուրջ է Պոլսոյ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Ան «Ակօս»ի առաքելութիւնը երկու մասի բաժնեց. առաջին՝ «Ակօս»ի նպատակն էր հայ ժողովուրդի խնդիրները երկլեզու ձեւով փոխանցնել՝ թուրք ժողովուրդին հետ կապ մը հիմնելու համար, իսկ երկրորդ՝ հայերէն չգիտցող եւ Թուրքիոյ գաւառներէն եկած հայերուն հասնիլ: 

Հաղորդումի վերջին բաժնով խօսք առաւ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, հայազգի հասարակական գործիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան և Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկի համահիմնադիր եւ ատենապետուհի: Ան յայտնեց, թէ «Ակօս»ը երկար ճամբայ քալեց եւ կը շարունակէ քալել, եւ յոյս յայտնեց, որ իր նպատակին պիտի հասնի:

Ապա խօսք առաւ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բարունակ Չէլիքեան, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բանախօսներուն, որոնք իրենց խորաթափանց վերլուծումներով, յուշերով, արժեւորումով եւ հարուստ մտքերով լուսաւորեցին մեր մտքերն ու հոգիները: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր աշխատակիցներուն, նշելով, որ առանց անոնց աներեւոյթ, բայց տքնաջան աշխատանքին, կարելի պիտի չըլլար իրականութիւն դարձնել այս ծրագիրը:

Հանդիսավար Սարաֆեան իր վերջին խօսքով ըսաւ. «Երբ կը փակենք մեր այս գեղեցիկ եւ բովանդակալից ձեռնարկի վարագոյրը, իմ սրտագին շնորհակալութիւնը կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց անխնայ ջանքն ու նուիրումը բերին այս հաւաքոյթի յաջողութեան համար: Մեր միասնականութիւնն ու նուիրումը հիմքն են մեր մշակոյթին եւ կառոյցին յարատեւման»:

Ձեռնարկի յուզիչ եւ հանդիսաւոր պահերէն ետք, բոլոր հիւրերը, խմբագիրները, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ ներկաները համախմբուեցան բեմին շուրջ, ուր լուսանկարուեցան, որմէ ետք ձեռնարկը շարունակուեցաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Ներկաներուն համար պատրաստուած էր պատշաճ ընդունելութիւն: Հիւրերը առիթը ունեցան փոխանակելու իրենց տպաւորութիւնները եւ շնորհաւորելու «Ակօս»ի յոբելեանը՝ վերահաստատելով համայնքային կապերն ու միասնականութիւնը:

Փակեցինք այս յիշարժան հանդիսութիւնը՝ մաղթելով, որ «Ակօս»ը շարունակէ մնալ հայութեան զարկերակը, լուսաւորէ մեր ուղին եւ անխախտ պահէ ճշմարտութեան ջահը գալիք տասնամեակներուն ընթացքին:

https://asbarez.am/archives/506731

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ