Ս. Պատարագ եւ Սիրոյ Սեղան ի նպաստ Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ

2 Օգոս­­տոս 2026, Կի­­րակի առա­­ւօտ, Գնա­­լը Կղզիի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ երկրա­­շար­­ժէն տու­­ժած Իս­­կենտէ­­րու­­նի մեր Ս. Քա­­ռասուն Ման­­կունք Եկե­­ղեց­­ւոյ ի նպաստ սի­­րոյ սե­­ղան սար­­քո­­­ւեցաւ:

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 2 Օգոս­­տոս 2026, Կի­­րակի առա­­ւօտ, Գնա­­լը Կղզիի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ նա­­խագա­­հեց կի­­րակ­­նօ­­­րեայ արա­­րողու­­թեանց։ Այս օրը մաս­­նա­­­ւոր իմաստ ստա­­ցաւ այն առու­­մով, որ Հա­­թայի երկրա­­շար­­ժէն տու­­ժած Իս­­կենտէ­­րու­­նի մեր Ս. Քա­­ռասուն Ման­­կունք Եկե­­ղեց­­ւոյ ի նպաստ սի­­րոյ սե­­ղան պի­­տի սար­­քո­­­ւէր:

Ս. Պա­­տարա­­գը մա­­տոյց Հա­­թայի Ս. Եկե­­ղեցեաց հո­­գեւոր հո­­վիւ եւ Գա­­ւառի հա­­մայնքնե­­րու տե­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան։ Ս. Սե­­ղանին սպա­­սար­­կե­­­ցին սար­­կա­­­ւագ­­ներ, ու­­րա­­­րակիր­­ներ եւ դպիր­­ներ։ Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարուեցան Ներ­­սէ­­­սեան Դպրաց Դա­­սու կող­­մէ, ղե­­կավա­­րու­­թեամբ Բրշ. Ար­­թուն Սրկ. Թէ­­քիրօղ­­լո­­­ւի։ Ներ­­կայ էր եկե­­ղեց­­ւոյ քա­­րոզիչ եւ հո­­գեւոր հո­­վիւ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան:

Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քէն առաջ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը քա­­րոզեց «Սի­­րեց իրեն­­նե­­­րը, մին­­չեւ վեր­­ջը սի­­րեց» (Յով­­հաննէս 13.1) բնա­­բանով եւ յի­­շեցուց Յով­­հաննէ­­սի այն ամ­­փո­­­փու­­մը, որ կը խտաց­­նէ ամ­­բողջ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչը. «Աս­­տո­­­ւած սէր է» (Ա. Յովհ. 4.8): «Սէ­­րը քրիս­­տո­­նէու­­թեան հիմքն է եւ նպա­­տակը» ըսաւ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը եւ ապա հան­­գա­­­մանօ­­րէն խօ­­սեցաւ սի­­րոյ մա­­սին: Քրիս­­տոսնեայի կեան­­քը սէ­­րը հասկնա­­լու եւ ապ­­րե­­­լու առիթ է: Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ապա ըսաւ թէ սէ­­րը տալ կը պար­­տադրէ, սի­­րոյ գո­­յու­­թիւնը տա­­լով է որ կը հասկնանք: Աս­­տո­­­ւած մեզ սի­­րեց եւ իր սէ­­րը ցոյց տո­­ւաւ իր Միածին Որ­­դին տա­­լով: Որ­­պէսզի մար­­դիկ, որոնք Միածին Որ­­դիին կը հա­­ւատան՝ չկոր­­սուին ու փրկո­­ւին: Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­թիւնը օրի­­նակ­­ներ տո­­ւաւ Ս. Գիր­­քին մէջ տա­­լու գա­­ղափա­­րին մա­­սին: Տա­­լով է որ մարդ կը սոր­­վի սի­­րել:

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը քա­­րոզի վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան ան­­գամ մը յի­­շեցուց, որ պէտք է տանք. մեր եկե­­ղեցիին, մեր հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թեանց տանք: Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ապա անդրա­­դար­­ձաւ Հա­­թայի մեր ժո­­ղովուրդի եւ եկե­­ղեց­­ւոյ երկրա­­շար­­ժէն կրած վնաս­­նե­­­րուն մա­­սին եւ հան­­գա­­­նակու­­թիւն հռչա­­կեց Իս­­կենտէ­­րու­­նի մեր Եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­մար: Մեր Հա­­թայի, յատ­­կա­­­պէս Իս­­կենտէ­­րու­­նի հա­­մայնքը իր եկե­­ղեց­­ւոյ նո­­րոգու­­թեան հա­­մար պէտք ու­­նի նիւ­­թա­­­կան օժան­­դա­­­կու­­թեան եւ մենք պար­­տա­­­ւոր ենք անոնց օգ­­նե­­­լու։ Այս մէ­­կը՝ տա­­լը մեր թէ մարդկա­­յին եւ թէ քրիս­­տո­­­նէական պար­­տա­­­կանու­­թիւնն է։ Տա­­լով է որ մենք պի­­տի հա­­սուննանք։

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի պաշ­­տօն կա­­տարո­­ւեցաւ Իս­­կենտէ­­րու­­նի մեր հա­­մայնքի հան­­գուցեալ հո­­գեւոր հո­­վիւ­­նե­­­րուն եւ ան­­դամնե­­րուն հոգ­­ւոցն ի հան­­գիստ:

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թիւնը իր աւար­­տին հա­­սաւ Պատ­­րիարք Հօր օրհնու­­թեամբ:

Ապա Եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ սի­­րոյ սե­­ղան սար­­քո­­­ւեցաւ ի նպաստ Իս­­կենտէ­­րու­­նի Ս. Քա­­ռասուն Ման­­կունք Եկե­­ղեց­­ւոյ: Այստեղ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը ան­­գամ մը եւս կոչ ուղղեց թէ մեր հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թեանց, թէ հա­­մայնքի իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­դա­­­մին եւ թէ աշ­­խարհաս­­փիւռ մե­­րազն ժո­­ղովուրդին, որոնք իրենց լու­­ման բե­­րեն Անա­­տոլո­­ւի մեր այս գոր­­ծօն եկե­­ղեց­­ւոյ նո­­րոգու­­թեան ու պայ­­ծա­­­ռու­­թեան համար:

https://www.agos.com.tr/am/news/s-badarak-yw-sirvh-syghan-i-nbasd-isgyndervwni-ygyghytswvh-41424

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ