Ըստ Հաճիեւի. Իսրայէլ լրջութեամբ ընկալած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Պաքուի ուղերձները

Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ 4 օգոստոսին անդրադարձաւ յունիսին Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումին` նշելով. «Հազիւ այս հարցը ի յայտ եկած` Ազրպէյճանը, նախագահին յանձնարարութեամբ, խտացեալ դիւանագիտական ջանքերու սկսաւ: Մենք նաեւ մեր ուղերձները փոխանցեցինք իսրայէլեան կողմին, որ` նման որոշումի ընդունումը, նախ եւ առաջ, անարդար պիտի ըլլայ, պիտի չարտացոլացնէ պատմական իրականութիւնը, եւ մենք անոր ընդունումը նպատակայարմար չենք նկատեր: Դրական կողմը այն է, որ իսրայէլեան կողմը լրջօրէն ընկալեց Ազրպէյճանի ուղերձները: Մենք կը կարծենք, թէ այս հարցին մէջ հետագայ յառաջընթացը կանխարգիլուած է»:

Աւելի կանուխ, իսրայէլեան «Հաարեց»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը Քնեսեթի մէջ քուէարկութեան չէ դրուած` վարչապետ Նեթանիահուի վրայ Ազրպէյճանի ճնշումին պատճառով: Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու նախորդ բոլոր փորձերը ձախողած են: Այս որոշումը հրապարակ ելաւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ, երբ Անգարա Նեթանիահուի կառավարութիւնը մեղադրեց` Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ