Նոր հրատարակութիւն Արցախեան երկրորդ պատերազմին մասին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս լոյս տեսած՝ «Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը. Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար պայքարը» (The 44-Day War: Armenia, Azerbaijan, and the Struggle for Nagorno-Karabakh) անգլերէն գիտական աշխատութիւնը այժմ ձրիաբար եւ առցանց հասանելի է հանրութեան։

Գիրքը ամբողջութեամբ կարելի է ընթերցել թուային տարբերակով diasporanperspectives.org կայքէջին վրայ։ Տպագիր տարբերակը կարելի է ձեռք ձգել հրատարակիչին միջոցով (I.B. Tauris/Bloomsbury)։

Հատորին առցանց տարբերակը առիթ կ՛ընծայէ, որ հակամարտութեան, դիւանագիտութեան եւ տեղահանման վերաբերեալ այս հետազօտութիւնը հասանելի դառնայ ոչ միայն մասնագէտներու, այլեւ լրագրողներու, քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարներու, ուսանողներու եւ քաղաքականութիւն մշակողներու, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին այս հարցերուն:

Գիրքը կը համախմբէ տարբեր ոլորտներու եւ երկիրներու մասնագէտներու կարծիքները, քննելու համար 2020 թուականի Արցախեան երկրորդ պատերազմը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 44 օր տեւած հակամարտութիւնը, որ օրին միջազգային սակաւ ուշադրութեան արժանացաւ: Այսուհանդերձ, աւելի քան տասնամեակ մը ետք, առաջին անգամն էր, որ երկու անկախ պետութիւններ իրենց զինուած ուժերը օգտագործեցին բացայայտ պատերազմի մը մէջ՝ կանխազգացնելով այն, ինչ որ աւելի ուշ տեսանք Ուքրանիոյ մէջ:

Գիրքը կարդալու համար այցելել Diasporan Perspectives կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/506461

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ