Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, ռազմավարական եռանկիւններ եւ ուժանիւթային պաշարներ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան որոշումին շարժառիթները յստակ են: Կար յստակ ուղենիշ  այս առումով, երբ վարչապետը ամիսներ առաջ, հարցազրոյցի մը  ընթացքին արձագանգած էր լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ իր երկիրը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը. ան շատ արագ յայտարարած էր` հիմա՛ յայտարարութեամբ կը ճանչնամ:

Պարզ են շարժառիթային հանգամանքները: Թուրքիա եւ Իսրայէլ զիրար կ՛ամբաստանէին ցեղասպանական արարքներով: Թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներով իսրայէլացի պաշտօնատարները արդէն կը խօսէին Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան մասին: Մինչ, իսրայէլացի որոշ շրջանակներու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար կատարուող բարձրաձայնումները չէին անցներ պետութեան լռութեան պատերը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ Էրտողան ի՛նք մղեց իր տակաւին ռազմավարական գործընկեր նկատուող Իսրայէլը, որ գործադիր իշխանութեան մակարդակով յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին: Պաղեստինցիներու նկատմամբ Իսրայէլի գործադրած  ցեղային զտումներն ու ցեղասպանական արարքները տարբեր առիթներով Թուրքիոյ նախագահը կ՛արծարծէր, հաւանաբար չբացառելով  իսրայէլեան հաւանական հակազդեցութիւնը: Պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ Էրտողան ի՛նք նախաձեռնեց Իսրայէլի առած ճանաչումի քայլին:

Նշենք, որ ճանաչման համար օրէնսդիրին մէջ նախաձեռնութիւններ կ՛առնուէին, որոնք տեղ չէին հասներ: Գործող իշխանութիւնը ունէր մեծամասնութիւն խորհրդարանին մէջ այդ լսումները քուէարկութեամբ բանաձեւի վերածելու, սակայն քաղաքական պահը չէր հասունցած: Այդ փուլերուն այնքան չէին սրած Անգարայի հետ յարաբերութիւնները եւ մանաւանդ Էրտողանը իբրեւ ցեղասպան պետութիւն չէր բնորոշած Նեթանիահուի գլխաւորած կառավարութիւնը:

Շրջուած այս ընթացակարգի հետագայ փուլին մասին կայ անշուշտ հարցական, այն առումով, որ խորհրդարանը շուտով կ՛անցնի արձակուրդի, եւ ապա Իսրայէլի քաղաքացիները կը հրաւիրուին արտահերթ ընտրութիւններու, առկախելով այս շղթայի աւարտական օղակին ագուցումը:

Թրքական եւ ազրպէյճանական արձագանգներուն մէջ կան տարբերութիւններ: Եթէ Անգարայի հետ լարուած են յարաբերութիւնները, ապա Պաքուի հետ խորացած: Պաքուն որոշումի վերատեսութեան առաջարկ կ՛ընէ իր ռազմավարական գործընկերոջ:

Խնդիրը պէտք է փորձել դիտարկել նաեւ ցեղասպան-ցեղասպան փոխամբաստանութիւններու  սահմաններէն անդին, հասնելով արեւելեան Միջերկրականի ծովային խորքերը: Տարածաշրջանին մէջ կայ երկու եռանկիւն դաշինք: Առաջինը Իսրայէլ-Յունաստան-Կիպրոս է, որուն առանցքը ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներն են, հետեւաբար արգելակումը թրքական նկրտումներուն այդ պաշարներուն նկատմամբ: Երկրորդը, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոսն է, որ թեթեւ կրակի վրայ անցում կը կատարէ դէպի ռազմավարական ոլորտներ: Այս երկրորդ եռանկիւնը նոյն կարեւորութիւնը չի ներկայացներ: Երկուքին պարագային երկու բաղադրիչներ` Յունաստանն ու Կիպրոսը առկայ են, որոնց հետ Անգարան սուր հանգոյցներ ունի: Իսրայէլի պետական շրջանակներ քանի մը անգամ շեշտած էին թրքական ուժերու Կիպրոսէն հեռացման հրամայականին մասին: Թել Աւիւ խորացուցած է իր յարաբերութիւնները թէ՛ Աթէնքի եւ թէ՛ Նիկոսիոյ հետ:

Երկրորդ եռանկիւնին երրորդ բաղադրիչը Երեւանն է, որ սահմանակից է Իսրայէլի առաջին թշնամի Իրանին հետ: Պաշտօնական Թեհրանը լուռ է ճանաչման որոշումին նկատմամբ, իսկ Երեւանը կը մերժէ մեկնաբանել կամ արձագանգել Իսրայէլի առած այս քայլին:

Ցեղասպանական փոխամբաստանութիւններուն խորքը ուժանիւթային պաշարներն են, այդ պաշարներէն օգտուելու մրցապայքարները, անվտանգային նոր քարտէսներու մէջ դիրքեր գրաւելու արշաւները:

Ազրպէյճան-Իսրայէլ ուժանիւթային մրցակցութեան եւ անվտանգային շահերու բախման իրականութեան ստեղծման պարագային, Պաքուի վերատեսութեան առաջարկը կրնայ փոխուիլ: Արցախի պատերազմին Ազրպէյճանի կողքին յայտնուած Իսրայէլը կրնայ յիշել Սումկայիթի կամ  ընդհանրապէս Արցախի մէջ իրականացուած  ցեղասպանութիւնը, իսկ իր հերթին Ազրպէյճանը` Կազայի մէջ պատահածը:

«Ա.»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ