Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հաթայի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Անտիոքի Աթոռի հիմնադիր Ս. Պետրոս Առաքեալի եւ Ս. Պօղոս Առաքեալի տօնը Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ կը կատարուի ամէն տարի 29 Յունիսին: Այս տարի եւս նոյն տօնախմբութիւնը մասնաւոր հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ նոյն քաղաքի Ս. Պետրոս Քարայր-Եկեղեցւոյ մէջ:
Ըստ դարաւոր աւանդութեան, միջեկեղեցական հանդիսութիւնը համախմբեց Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն եւ արտասահմանէն հոգեւորականներ եւ Քրիստոնեայ համայնքներու անդամներ:
Ս. Պետրոս Քարայր-Եկեղեցին, որ աշխարհի անդրանիկ քարայր-եկեղեցին կը նկատուի եւ Քրիստոնէական պատմութեան կարեւորագոյն ուխտատեղիներէն է, անգամ մը եւս կեդրոն դարձաւ միութեան, եղբայրութեան ու խաղաղութեան համար տրուած պատգամներու:
Հանդիսութեան մասնակցեցան Հաթայի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Անատոլուի Պապական փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս., Թարսուսի Եպիսկոպոս Պաւլոս Օրտուլուօղլու, ինչպէս նաեւ Հաթայի, Մերսինի եւ շրջակայից հոգեւոր պետեր ու հովիւներ, վաքըֆներու ներկայացուցիչներ եւ զանազան համայնքներու անդամներու բազմութիւն մը:
Նախ տեղի ունեցաւ յոտնկայս լռութիւն եւ երգուեցաւ Անկախութեան Քայլերգը, ապա սկսաւ միջեկեղեցական հանդիսութիւնը, որու ընթացքին աղօթք վերառաքուեցաւ Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս աշխարհի խաղաղութեան ու եղբայրութեան համար:
Երիտասարդաց երգչախումբի երգած թրքերէն եւ արապերէն շարականները ներկաներու գնահատանքին արժանացան:
Արարողութեան ընթացքին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, միւս հոգեւոր պետերու եւ առաջնորդներու հետ միասին աղօթեց աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տիրող պատերազմներու եւ բախումերու ի սպառ վերջանալուն, սիրոյ, համերաշխութեան, համագործակցութեան ու եղբայրութեան հաստատման եւ ամրապնդման համար: Տէր Հայրը հաղորդեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ողջոյններն ու աղօթքները:
Հաւատացեալ բազմութեան մասնակցութեամբ կատարուած Ս. Պետրոս Առաքեալի եւ Ս. Պօղոս Առաքեալներու տօնի ընթացքին, Անատոլուի Պապական փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս. Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին ողջոյններուն ու աղօթքին համար:
Հանդիսութիւնները իրենց աւարտին հասան հոգեւոր պետերու վերջին օրհնութեամբ:




Leave a Reply