Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը յառաջիկայ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երեքշաբթի օր իսրայէլեան կառավարութեան միաձայն հաւանութեան արժանացած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ներկայացուցած է Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի լիագումար նիստին` յառաջիկայ շաբաթ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարելու համար: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ»-ը` նշելով. «Սահեր ուժեղ կերպով ներկայացուց բանաձեւին բարոյական ու պատմական շրջագիծը»:

Սահեր յայտարարած է, թէ այլեւս որեւէ արդարացի պատճառ չկայ յետաձգելու կամ խուսափելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլէն:

«Այ24ՆԻՈՒԶ» կը գրէ, թէ «կառավարութիւնը, բարոյական եւ պատմական պարտաւորութեան լոյսին տակ, որոշած է ճանչնալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան», ըսած է ան եւ շեշտելով ողբերգութեան տարողութիւնը նշած. «Աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ցնցիչ ցեղասպանութեան, մէկուկէս միլիոն մարդոց մասին կը խօսինք»:

«Անդրադառնալով քաղաքական վաղեմի նրբութիւններուն` Սահեր յստակ դարձուց, թէ քայլը պատմական ճշմարտութեան մը անկախ հաստատում մըն է, եւ ոչ թէ քաղաքական ժամանակաւոր խուսանաւում մը: Ան յայտնեց. «Կառավարութեան մէջ մեր տուած որոշումը Իսրայէլի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում է: Երբեք ուշ չէ ճիշդ բանը ընելու»: Հաշուի առնելով փոփոխութեան կարեւորութիւնը` Սահեր աւելցուց, որ կառավարութիւնը խնդրած է յայտարարութիւնը ուղղակիօրէն ներկայացնել Քնեսեթին` զայն Քնեսեթի լիագումար նիստին մէջ քուէարկութեան դնելու համար», կը գրէ իսրայէլեան լրատուամիջոցը:

Ան խորհրդարանի անդամներուն կոչ ուղղած է` յառաջիկայ շաբաթ իսրայէլեան օրէնքը պատմական ճշմարտութեան համահունչ դարձնելու օգտին քուէարկելու, այդպիսով Իսրայէլին արտօնելու միանալ ժողովրդավարական պետութիւններու, որոնք արդէն իսկ իրենց ճանաչումը բանաձեւած են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ