Միջազգային մամուլը՝ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումին մասին

Middle East Eye-ը կը գրէ, որ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլը սերտ կապեր ունին։ Պաքու Իսրայէլի ուժանիւթի կարեւոր մատակարարողներէն մէկն է, մինչ Իսրայէլ ժամանակակից զէնքեր կը վաճառէ Ատրպէյճանի կառավարութեան: Իսրայէլի հարցերով մասնագիտացած գիտնական Տունիա Պասօլ թերթին յայտնած է, որ Ատրպէյճան կրնայ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի Իսրայէլի խորհրդարանը չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Մոսքովսքի Քոմսոմոլենց»ը գրած է, որ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած  Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը, Թել Աւիւի եւ Անգարայի միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններու լոյսին տակ, կրնար արտաքին քաղաքականութեան մէջ յաղթանակ մը հանդիսանալ Հայաստանի համար, եթէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին առնուազն համախոհ ըլլար, մինչդեռ ան համաձայն է մոռացութեան մատնել մարդկութեան դէմ այս ոճիրը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի վարչապետը, հաւանաբար, այդքան էլ գոհ չէ Իսրայէլի այս քայլով, մատնանշելով, թէ նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ Իսրայէլ այս արարքով Փաշինեանին հարուած մը հասցուցած է, քանի որ Փաշինեան կը պնդէ, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցն այլեւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ չէ:

«Իզվեսթիա»ն կը գրէ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը իր այս քայլով կը պատասխանէ Թուրքիոյ, որ տարիներէ ի վեր Իսրայէլը կը մեղադրէ Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով:

Իսրայէլեան The Jerusalem Post-ի մէջ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար եւ Ամերիկայի ու Մեքսիքայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան ողջունելի կը համարէ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը, աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումն է, որ աւելի մեծ կշիռ պիտի ունենար։

«Իսրայէլը այս հարցում պարզապէս եւս մէկ երկիր չէ։ Այն հրեայ ժողովրդի պետութիւնն է, որը հիմնադրուել է աղէտի ստուերում եւ կառուցուած է այն հրամայականի վրայ, որ ժխտմանը երբեք չպէտք է թոյլ տրուի գերակշռել», կը գրէ Յովհաննիսեան։

https://asbarez.am/archives/505113

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ